Պետականութեան Աւանդոյթները Ամրապնդելու Ընձեռուած Հնարաւորութիւնները Մերժելով՝ ՀՀ Գործող Իշխանութիւնները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Արցախի Հանրապետութեան Առարկայնութիւնը. Յայտարարութիւն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները տարածած են յայտարարութիւն, ուր, ըստ ԱՀ ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինին, կը նշուի.

«Անցեալ տարուան աւերիչ պատերազմէն ետք հայկական երկու հանրապետութիւններուն մէջ Սեպտեմբեր 2-ի եւ Սեպտեմբեր 21-ի պետական տօները լաւագոյն առիթ էին մեր ժողովուրդին ու աշխարհին փոխանցելու հանրութեան յուզող հիմնախնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններուն եւ Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապերու անխախտելիութեան մասին սպասուած ուղերձները:

Բայց, ինչպէս կանխատեսելի էր Հայաստանի ու Արցախի գործող իշխանութիւններէն, ամէն ինչ կատարուած է ի վնաս հոգեբանական բարդ վիճակի մէջ գտնուող հանրութիւնը ճգնաճամէն դուրս բերելու համար: Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ Սեպտեմբեր 21-ի երեկոյեան կազմակերպած, իրենց իսկ բնորոշմամբ, «գունագեղ միջոցառման» իրականացումը այն պարագային, երբ առկայ էր հանրային հիմնաւորուած դժգոհութիւն, կը խօսի այն մասին, որ օրուան իշխանութիւններուն համար «ըսածէն ետ չկանգնելու» տղայական մօտեցումը աւելի նախապատուելի տեղ ունի, քան պետականամէտ վարքագիծը:

Հանրութեան համար զարմանալի էր այն դիրքորոշումը, որ ան արտայայտուեցաւ Սեպտեմբեր 2-ին, երբ համապատասխան հրաւէրներու առկայութեան պարագային այդպէս ալ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավար կազմէն ոեւէ պաշտօնեայ ներկայ չգտնուեցաւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող Արցախի Հանրապետութեան օրուան ձեռնարկներուն եւ Ստեփանակերտ ժամանեց միայն խորհրդարանական պատուիրակութիւնը: Սպասելի էր, որ Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու համար, ինչպէս նախորդ տարիներուն, հրաւէր ուղարկուէր Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութեան, սակայն, այս պարագային եւս արհամարհուած են արարողակարգային պահանջները:

Պետականութեան աւանդոյթները ամրապնդելու ընձեռուած հնարաւորութիւնները մերժելով՝ ՀՀ գործող իշխանութիւնները կասկածի տակ կը դնեն Արցախի Հանրապետութեան առարկայնութիւնը:

Նման վերաբերմունքը, մինչ այդ նկատուած թերացումներուն հետ մէկտեղ, յղի է լուրջ վտանգներով եւ, անկախ դրդապատճառներէն, էապէս կը վնասէ միջազգային ճանաչման ձգտող Արցախի Հանրապետութեան վարկանիշին, ինչպէս նաեւ բացասական ազդակներ կը հաղորդէ կարգաւորման գործընթացին ներգրաւուած միջազգային կառոյցներուն»: