Թուրք Պաշտօնեան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը «Փտախտի Աստիճանի Հասած Հարց» Անուանած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը Սպանիոյ մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ խօսած է նաեւ Սպանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկին մասին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

«Կրնամ ըսել, որ մինչեւ օրս Սպանիոյ տարբեր գումարման խորհրդարաններու մէջ եղած մեծամասնութիւնները այս հարցով ներկայացուած որոշումներուն կողմ չեն քուէարկած՝ հաշուի առնելով Սպանիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն արժէքը։ Այս հարցը Հայաստանին, Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն ոչ մէկ օգուտ կու տայ, ընդհակառակը՝ վնասակար է։

Ասոնք գործեր են, որոնք կը փորձեն ընել հայկական սփիւռքի հակաթրքական շրջանակները՝ առանց մտածելու իրենց ժողովուրդի ու Հայաստանի մասին… Անհրաժեշտ է խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն»,- մանրամասնած է Շենթոփ։

Շենթոփ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը անուանած է «փտախտի աստիճանի հասած հարց»։ Ան առաջարկած է նման հարցերով զբաղելու փոխարէն առաջ նայիլ, որպէսզի տարածաշրջանին մէջ ստեղծուի այնպիսի միջավայր մը, ուր բոլոր ժողովուրդները պիտի ապրին բարեկամութեան մէջ։