«Նախիջեւան․ Յետպատերազմեան Աշխարհաքաղաքական Մտորումներ» Խորագիրով Սեմինար Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնէն Ներս

Հայաստան

Սեպտեմբեր 28-ին, ժամը 18։30-ին, Արևմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամին մօտ կը կազմակերպուի սեմինար՝ «Նախիջեւան յետպատերազմեան աշխարհաքաղաքական մտորումներ» խորագիրով, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Արցախեան վերջին պատերազմի տարելիցին։

Akunq.net-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ սեմինարի գլխաւոր բանախօսն է թուրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի դասախօս Վարուժան Գեղամեանը, որ պիտի անդրադառնայ վերջին մէկ տարուան ընթացքին մեր տարածաշրջանին մէջ ծաւալած իրադարձութիւններուն եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի բանթուրքիստական նկրտումներուն։

Մուտքը ազատ է, հրաւիրուած են բոլոր ցանկացողները։

Ամսաթիւ 2021 թ. Սեպտեմբեր 28, ժամը 18:30

Հասցէ` Գիւլբենկեան 38 (ՀՅԴ Արամ Մանուկեանի անուան երիտասարդական կեդրոն),  5-րդ յարկ

Akunq.net