Ֆրանսական Կազմակերպութիւնը Կը Պահանջէ Արցախին Վերադարձուի Իր Ողջ Պատմական Տարածքը` Ապահով Սահմաններով

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսական L’Œuvre d’Orient կազմակերպութիւնը, որուն հիմնական առաքելութիւնն է աջակցութիւն ցուցաբերել արեւելեան քրիստոնեաներուն կրթական, հասարակական, առողջապահական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ, Արցախի վերաբերեալ փաստերու հաւաքագրման հիմքով արձանագրումներ կատարած է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։

  1. ««Արցախի հայերը վտարուած են իրենց պատմական տարածքներէն, հայկական բնակչութիւնը վտարուած է իր տուներէն, գիւղերէն եւ եկեղեցիներէն։
  2. Հայ ժողովուրդը իր արեան գնով ձեռք բերած է խաղաղ ու ազատ ապրելու իրաւունք:
  3. Արցախի ժողովուրդը իրաւունք ունի իրականացնելու իր ինքնորոշման գործընթացը միջազգային վերահսկողութեան ներքոյ, այնպէս, ինչպէս Քոսուոն։
  4. Կազմակերպութիւնը կը պահանջէ, որ Արցախին վերադարձուի իր ողջ պատմական տարածքը` ապահով սահմաններով։
  5. Կազմակերպութիւնը կոչ կ՝ընէ ԵՄ-ին եւ Ֆրանսայի կառավարութեան յստակ աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի ժողովուրդին»։