Սգակիր Ենք, Բայց Կը Պահենք Կամքը. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Վերանկախացման 30-ամեա՞կ: Ո՛չ կարելի չէ տօնել ընթացիկ, սովորական ձեւով:
Ինչպիսի՞ տօնական մթնոլորտ, ի՞նչ տողանցք, ի՞նչ հանդիսութիւն…:

Նմանօրինակ միջոցառումներու ամէնադոյզն գաղափարն իսկ անընդունելի է, աւելի՛ն՝ ամօթալի է:

Վայրկեան մը մտածե’նք, խոկա’նք, ենթագիտակցի’նք:

Վտանգուած է մեր հայրենիքը:

Լուրջ հարցականներու տակ կը գտնուին երկրին պաշտպանութիւնն ու բանակը:

Յիշե՛նք. ամիսներէ ի վեր թշնամին առօք-փառօք մուտք կը գործէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս եւ ամենայն համարձակութեամբ կը գրաւէ տարածաշրջաններ, արջառ, բերք եւ աւելին՝ դիտմամբ կը խանգարէ Սիւնիքի ճանապարհներէն բնականոն եւ ապահով երթեւեկը:

Այո՛. կարելի չէ ծածկել իրականութիւնը: Աղաղակող իրականութիւն է, որ ամիսներէ ի վեր Հայաստանը Իրանի կապող միջպետական մայրուղիին Գորիս-Կապան բաժինէն որոշ հատուածները Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը մնան։ Ազերին ամենայն համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ յանդգնած է նաեւ անցակէտեր տեղադրել: Որոտանի մօտակայքը, վարչապետին անուանումով՝ Էյվազլի շրջանէն ներս, ազերի ոստիկաններ, իրենց պաշտօնական տարազներով եւ կառոյցներով, կը ստուգեն Պարսկաստանէն Հայաստան մուտք գործող բեռնակառքերուն եւ վարորդներուն փաստաթուղթերը, քանի մը օր առաջ ալ սկսած են տուրք գանձել իրանեան բեռնատարներէն, յայտարարելով, որ անոնք Ատրպէյճանի տարածքէն կ’անցնին:

Հայրենի ղեկավարութեան լռութենէն, անկարողութենէն եւ թափթփածութենէն թեւեր առած՝ թշնամին լայնածաւալ կերպով կը շարունակէ «անտառի քաղաքականութիւն»-ը: Պաքու, ինքզինք շահագործուողն ու օգտագործուողը նկատելով, մինչեւ իսկ բողոքի նամակներ յղած է ո՛չ թէ միայն Արցախի շրջակայքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան, այլ նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, շեշտելով, թէ «այլ երկիրներու փոխադրամիջոցներ ապօրինի ձեւով կ՚անցնին Ատրպէյճանի տարածքէն»:

Հայաստանի հարաւը վտանգուած է բացայայտ կերպով. Գորիսը, Կապանն ու Մեղրին կրնան անջատուիլ Հայաստանէն ու դասուիլ գրաւեալ Արցախի ցանկին, իբրեւ հետեւանք թշնամիին հետեւողական սանձարձակութեան եւ անոնց հանդէպ Երեւանի ներկայ իշխանութեան անտարբեր, անկարող կեցուածքին եւ ցնորական խաղաղասիրութեան հետամտութեան:

Այս խորապատկերին դիմաց, խօսիլ գունագեղ տօնախմբութեան մասի՞ն…:

Այո՛, դժբախտաբար ինկած ենք վիճակի մը մէջ, որ կը յիշեցնէ «Մեր Հայրենիք»-ին սկզբնական բառերը. Հայրենիքը հիմա թշուառ ու անտէր է, «Մեր թշնամեաց ոտնակոխ»:

Հայաստանի վերանկախացման 30-ամեակ կը դիմաւորենք, յետոյ նաեւ մօտ օրէն՝ Սեպտեմբեր 27-ին ծայր առած եւ 44 օր տեւած ծանր պարտութեան տարելիցը:

Սգակիր ենք: Պիտի այցելենք Եռաբլուր՝ աշխարհի «ամենէն մատղաշ» անշունչ հողատարածքը, ուր դեռ աճիւններ, անճանաչելի դիակներ կը բերուին եւ հողին կը յանձնուին, աւելի աղիողորմ ու սահմռկեցուցիչ միտոյթ (momentum) մը ստեղծելով:

Խունկ ու մոմ: Սգակիր է եւ գունագեղութենէն զիջած է նոյնինքն Եռագոյնը:

Այս բոլորով հանդերձ, հայորդին, հայրենասէր ու իր պատմութեան հաւատարիմ Հայը գիտէ, թէ այս բոլոր ժամանակաւոր են, պէ՛տք է ժամանակաւոր ըլլան: Ան գիտէ, թէ հայութիւնը այս սուգին մատնողները անտարբեր են ու անկարող, կամքը չունին սրբելու արցունքը, սակայն նման խմբաւորումներ չեն կրնար ընդմիշտ բռնանալ մեր ճակատագրին:

Հայորդին գիտէ նաեւ վերականգնիլ եւ խորտակել պարտադրուած ընկրկումները, վերագտնել վերելքի ճամբան: Վկա՛յ մեր կերտած յաղթական հերոսամարտերը: