Զոհերու Հարազատները Հրաժարեցան Կառավարութիւն Երթալէ՝ Պնդելով, որ Սեպտեմբեր 21-ի Տօնակատարութիւնը Պէտք է Չեղարկուի

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Սեպտեմբեր 21-ին կայանալիք տօնակատարութիւնը չեղարկելու նպատակով, Սեպտեմբեր 17-ին, հաւաքուած տասնեակ քաղաքացիները, որոնք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողներն ու հարազատներն են, հրաժարած են կառավարութիւն երթալու, խնդիրը քննարկելու եւ Անկախութեան օրը նախատեսուած տօնակատարութեան ծրագիրին ծանօթանալու՝ վարչապետի օգնական Նայիրի Սարգեանի ներկայացուցած առաջարկէն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Զոհուած զինծառայողներու հարազատները կը պնդէին ու կը պահանջէին, որ Անկախութեան օրը նախատեսուած համերգային ծրագիրը որ չեղարկուի, քանի որ այժմ նման բնոյթի ծրագրերու իրականացումը անթոյլատրելի է եւ անարգանք զոհերու յիշատակին հանդէպ: Անոնք կը պահանջէին առնուազն յետաձգել նմանատիպ ծրագիրը եւ չիրականացնել զայն մինչեւ Նոյեմբեր 10, որ գոնէ զոհերու մահուան տարելիցը լրանայ: Փոխարէնը կ՝առաջարկէին Սեպտմբեր 21-ին մոմավառութեամբ երթ կազմակերպելու դէպի Եռաբլուր:

Վարչապետի օգնականը յայտնեց, որ ծրագիրը պարտադիր պիտի իրականացուի, քանի որ այս տարի ՀՀ անկախութեան 30-րդ՝ յոբելինական տարեդարձն է, ուստի անիկա մեծ ձեւաչափով նշելու որոշում կայացուած է: Ան վստահեցուց, որ նաեւ զոհուածներու հարազատները պիտի հաւնին նախատեսուած տօնակատարութիւնը: