Արամ Մանուկեանի Դիմաքանդակը Յանձնուեցաւ ՀՅԴ Թանգարանին (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը յանձնուեցաւ ՀՅԴ թանգարանին, ուր կը գործէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած մեծ ցուցասրահ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅԻ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Գանատա բնակող տաղանդաւոր քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեան խոստացած էր դիմաքանդակը բերել անցեալ Սեպտեմբերին, բայց համավարակը ուշացուց:

Քանդակագործը կ՝ուզէր, որ առանձին թանգարան ըլլար Հայաստանի մէջ՝ նուիրուած Արամ Մանուկեանին։

Քանդակագործը դեռ շատ ծրագրեր կը նախատեսէ իրականացնել, սակայն առաջնայինն ու ամենակարեւորը իրեն համար արուեստի այս նմուշը՝ Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակն է, քանի որ անոր շնորհիւ դրուած է առաջին հանրապետութեան հիմնաքարերը։Ս

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.