Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Համազգայինի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը

Սփիւռք

Ուրբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2021-ին  Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Համազգայինի նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին նորընտիր վարչութեան ատենապետը Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին զեկոյց մը տուաւ կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց մշակութային կեանքը յուզող հարցերուն ու ներկայ դժուար պայմաններուն տակ Համազգայինի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս անհրաժեշտ թելադրանքներն ու ցուցմունքները փոխանցելէ ետք, բարձր գնահատեց Համազգայինի կողմէ հայ մշակութային արժէքներու պահպանման աշխատանքները: