Վերացման Սուրբ Խաչի Տօնը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սփիւռք

Երէկ` Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ին, հայ եկեղեցին նշեց հինգ տաղաւար տօներէն վերջինը եւ Տէրունի Խաչին նուիրուած տօներէն երկրորդը հանդիսացող Վերացման սուրբ խաչի տօնը: Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ Վերացման Ս. խաչի տօնին:

Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան:

Սրբազան հայրը իբրեւ բնաբան ընտրած էր Պօղոս առաքեալի հետեւեալ տողերը. «Միայն մենք մեր մասին չմտածենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր շուրջ եղողներով պէտք է հետաքրքրուի` անոնց բարիքը խորհելով, անոնց հաւատքը ամրապնդելու համար» (Հռ 15.1-2): Խօսելով օրուան խորհուրդին մասին` ան մատնանշեց, թէ տօնը իր մէջ կը խտացնէ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսով ու անոր Ս. խաչին նշանով յաղթելու, վերականգնելու, ցնծալու եւ յոյսով զօրացած յարատեւելու ու պայքարելու աստուածային ճշմարտութիւնները: Սրբազանը ընդգծեց անձնուրացութեան, հաւաքական բարիքներուն համար տագնապելու, զոհողութեան եւ երկնային սիրոյ հետամուտ ըլլալու գաղափարները: Այս առիթով ան յիշեցուց, թէ «մեր Տէրը խաչափայտին ճամբով ուրիշներուն մասին մտածելը, այլ խօսքով` ուրիշներուն ծառայելը իբրեւ մեծագոյն չափանիշ ընտրեց եւ հաստատեց: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն Յիսուսի հետեւիլ եւ Անոր նմանիլ, նո՛յն ուղին պէտք է ընտրեն եւ նո՛յնը պէտք է կատարեն»:

Աւարտին ան աղօթք բարձրացուց առ Ամենակալն Աստուած եւ շարականագիրին բառերով զօրութիւն, բժշկութիւն եւ խաղաղութիւն խնդրեց աշխարհին համար:

Յայտնենք, որ Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Վերացման Ս. խաչի տօնին առիթով, վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի Cilicia TV լրատուամիջոցին ճամբով ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառ հայրապետը, խօսելով քրիստոնէական հաւատքի էութեան մասին, ըսաւ, որ կարելի չէ հասկնալ քրիստոնէական հաւատքը, կարելի չէ ըմբռնել քրիստոնէական կեանքին իմաստն ու ուսուցումները, խորհուրդը եւ նպատակը առանց Ս. խաչին: Խաչը էութիւնը կը կազմէ քրիստոնէական հաւատքին: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ շեշտեց խաչի խորհուրդէն բխող եւ քրիստոնէական խորագոյն հասկացողութիւնը հանդիսացող սիրոյ գաղափարը, յաւիտենական կեանքի ըմբռնումը, Յիսուս Քրիստոսի ինքնընծայումով մարդուն շնորհուած փրկութիւնը: Ան ըսաւ, թէ չկա՛յ յարութիւն առանց խաչի. չկա՛յ քրիստոսակեդրոն կեանք առանց խաչի: Վեհափառ հայրապետը, իր խօսքը ուղղելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յայտնեց. «Մենք չեղանք սոսկ խաչապաշտ ժողովուրդ, այլ եղանք ու մնացինք խաչակեդրոն ժողովուրդ` ամրօրէն կապուած ու հաւատարմօրէն փարած խաչի խորհուրդին ու պատգամին: Խաչը մեր կեանքին մէջ դարձաւ զօրութեան աղբիւր` մեր շուրջ գտնուող ամէն տեսակ չարերուն ու չարիքներուն դիմաց: Այսօր եւս, սիրելի՛ զաւակներ հայ ժողովուրդի, Խաչվերացի տօնը կը հրաւիրէ մեզ դառնալու խաչին: Հետեւաբար, երբ մեր կեանքին կեդրոնը խաչն է` մեր կեանքէն կը հեռանայ ամէն տեսակ ցաւ, հիւանդութիւն ու տառապանք, չար ու չարիք»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը աւարտեց աղօթքով. «Քու խաչդ մեզի ապաւէն թող դառնայ, ո՜վ Տէր, հիմա, միշտ, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան. ամէն»: