Մուսա Լերան Հերոսամարտի 106-Ամեակն Ու Այնճարի Հիմնադրութեան 82-Ամեակը Այնճարի Մէջ

Սփիւռք

Խաչվերացի տօնին առիթով եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 106-ամեակի ու Այնճարի հիմնադրութեան 82-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց, քարոզեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող անդամներ, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամներ, Լիբանանի կառավարութեան ճարտարարուեստի նոր նշանակուած նախարար Ճորճ Պուչիքեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան,  Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը` Պէյրութէն եւ Այնճարէն:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Խաչերացը պատմական առիթ է` աւելցնելով, որ տարուան ընթացքին քանի մը առիթներով կը ներկայացուի Քրիստոսի խաչը: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց 614-620 թուականներուն պատահած դէպքերուն, թէ ինչպէ՞ս Քրիստոսի խաչափայտը կը գտնուի եւ կը տարուի Կոստանդնուպոլիս:

«Այս յիշատակը դարեր շարունակ քրիստոնէական եկեղեցւոյ համար ոգեւորութեան խանդավառութեան առիթ հանդիսացած է», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Խաչվերացի տօնին առիթով մեր հայեացքը փորձենք ուղղել դէպի Աստուած, որպէսզի անդրադառնանք, թէ իր օրինակին ընդմէջէն մեզի փոխանցեց խաչին զօրութիւնը, եւ մենք երկրաւոր պայմաններուն մէջ կրնանք դիմագրաւել բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնք այլապէս կրնային մեզ քայքայել:

«Խաչի զօրութեամբ, այլ խօսքով` Աստուծոյ ապաւինելով, մենք պէտք է շարունակենք մեր կեանքը ապրիլ` քաջ գիտնալով, որ այդ ձեւով պիտի հասնինք յաւիտենականութեան», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Խաչվերացի տօնին առիթով նաեւ մենք կը հրաւիրուինք մեր հայեացքը ուղղելու դէպի մեր ազգի պատմութիւնը, որ մարտիրոսութեամբ եւ խաչելութեամբ լեցուն է, սակայն հայութիւնը ինքզինք վերահաստատած է միշտ եւ խաչի զօրութեամբ շարունակած է կեանքը յաղթականօրէն:

«Խաչվերացի տօնին առիթով հաւատքի աչքերով նայինք մեր անցեալի պատմութեան, որպէսզի կարենանք յարատեւել գալիք ժամանակներուն եւ շարունակել մեր նախնեաց հաւատքի կամքը: Նայինք նաեւ Մուսա լերան հերոսական դրուագին` անոնց, որոնք յանուն ազատութեան ինկան` նոր կեանք պարգեւելու Մուսա լերան զաւակներուն, որպէսզի անոնք խրոխտ քայլերով դիմագրաւեն գալիքը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Ս. պատարագի աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը օծեց երեք սրբանկարներ, որոնք ստեղծագործուած էին եւ նուիրուած Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ` այնճարցի արուեստագէտ Նանոր Հաճեանի կողմէ:

Ապա հոգեւոր դասին առաջնորդութեամբ ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Սրբազան հայրն ու Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ  Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան եւ գիւղի հոգեւոր հայրերը միասնաբար կատարեցին մատաղի օրհնութիւնը:

Այնուհետեւ օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները` վերանորոգուած եւ ներշնչուած Մուսա լերան նահատակներուն հերոսական ոգիով:

Անկէ ետք Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հովիւին, թաղական խորհուրդին եւ տիկնանց յանձնախումբի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, հոգեւոր տեսուչին, քահանաներուն, պետական եւ ազգային ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններուն:

Միւս կողմէ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, շաբաթ, 11 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին սկիզբ առաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 106-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 82-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը քայլարշաւով` Այնճարի կեդրոնական հրապարակէն մինչեւ Մուսա լերան յուշարձան համալիր` ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն նուագով` ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ:

Ապա հանդէս եկան երեկոյի հաղորդավարները  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներէն Նարէ Փիլաւճեան եւ Արտակ Կէօքճեան, որոնք Մուսա լերան հերոսամարտին պատգամներուն մասին խօսելէ ետք, բեմ հրաւիրեցին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Խաժակ Այնթապեանը: Ան  բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ըսելով, թէ աւանդութիւնը այնպէս է, որ ամէն տարի սեպտեմբերին, առ ի յարգանք Մուսա լերան նահատակներուն եւ առ ի երախտագիտութիւն փրկարար խաչին, Մուսա լերան հերոսամարտի տօնը կը նշուի ու շաբաթ գիշեր անպայման հերիսան կ՛եփի… նոյնիսկ անցեալ տարի այս օրերուն չարաբաստիկ  համավարակը չկրցաւ խախտել աւանդութիւնը, ու  այդ դժուար պայմաններուն մէջ մատաղը պատրաստուեցաւ, օրհնուեցաւ եւ բաժնուեցաւ ժողովուրդին: Ապա Այնթապեան իր խօսքը շարունակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք  աշխատեցան ձեռնարկներու յաջողութեան համար: Ան իր խօսքը աւարտեց եւ ըսաւ` «Շատ աւելի լաւ ու երանելի պիտի ըլլար ի հարկէ, եթէ ինչպէս ասկէ առաջ, այսօր ալ այս բեմէն հնչէր մեր սիրելի Գէորգ Հաճեանին անզուգական ձայնը եւ իր երգերով անմահացնէր մեր նահատակ հերոսներուն անմար յիշատակը, սակայն դժբախտաբար տարի մը առաջ ինքն ալ միացաւ նահատակներու փաղանգին, եւ իր նահատակութեամբ հերոս մըն ալ աւելցաւ հայրենիքին ու ժողովուրդին համար զոհուած մուսալեռցիներու շարքերուն: Փա՛ռք` Գէորգին ու իր ընկերներուն, փա՛ռք արցախեան բոլոր նահատակներուն, փա՛ռք Մուսա լերան մէջ ինկած մեր տասնութ հերոսներուն: Անոնց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ ու գործը պիտի շարունակուի մշակոյթով, արուեստով ու պէտք եղած պարագային անպայման զէնքով»:

Ապա Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներէն` Նարոյ Ադամեան եւ Մարիա Աբէլեան  երգեցին «Հայեր դարձեք Երկիր», իսկ Կալի Գալուստեան երգեց «Օտարութիւն» երգը, ապա Սոֆի Գալուստեան ասմունքեց «Մուսա լեռ» բանաստեղծութիւնը.

Այնուհետիւ հայ կաթողիկէ համայնքը ներկայացնող երիտասարդներ Րաֆֆի Թասլաքեան (տուտուկ), Գէորգ Քէշիշեան (տուտուկ-պարկապզուկ) եւ Նարեկ Քէշիշեան  (տհոլ) իրենց մասնակցութիւնը բերին «Շիրակի պար» եւ «Թամզարա» նուագներով:

Օրուան պատգամախօս Յակոբ Պ. Հաւաթեան ներկաներուն ուղղեց Մուսա լերան հերոսամարտի պատգամը` նշելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարին այս պայմաններուն այսօր հաւաքուած ենք հպարտօրէն տօնելու Մուսա լերան քառասուն օրերու 106-ամեայ հերոսական ու փառապանծ յաղթանակը` յարգելով յիշատակը 18 նահատակներուն` որոնց լուսաւոր հոգիներուն եւ լայնաբաց ճակատներուն փայլքը յաւերժ կը ցոլայ մեր բոլորին վրայ: Ան բարձր գնահատեց սփիւռքի եւ հայրենիքի բոլոր կառոյցները, որոնք իրենց առաւելագոյնը տուին նիւթական կամ բարոյական առումներով հասնելու համար հայ ընտանիքին ե յատկապէս կարիքաւորին: Իր խօսքը շարունակեց եւ ըսաւ. «Մեր ազգային կառոյցները մեր գոյատեւման կարեւոր ու անհրաժեշտ օղակներն են, եւ բոլորս ալ պէտք է լաւ գիտակցինք, որ առանց այդ կառոյցներուն, կը դառնանք պարզ ու սովորական քաղաքացիներ»:

Ապա Յակոբ Պ. Հաւաթեան հաստատեց, Մուսա լեռը կանգուն է, եթէ Այնճարը ուժեղ է, Մուսալեռցին կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ, եթէ արմատացած եւ կառչած է Այնճարին, անոր ջուրին, հողին ու ծառին, եւ մանաւանդ` բարբառին: Բոլորս ալ` մուսալեռցի եւ ոչ մուսալեռցի, համարեա ամբողջ հայ ժողովուրդը, պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունինք այս սիրելի հայ աւանը յաւերժ պահելու, անոր հոգալու եւ գուրգուրալու: Մուսա լերան քառասնօրեայ յաղթական ճակատամարտի այս տօնախմբութեան հերիսայի կաթսաներուն անմար կրակը եւ անոր մէջ օրհնուած ցորենն ու մատաղ միսը մեր հերոս 18 նահատակներուն յաւիտենականութեան ոգին է, այլ խօսքով` այսօրուան իսկական պատգամը:

Ապա տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած «Յոյսի բոցեր» գեղանկարչական ցուցահանդէսի տեսաերիզին ցուցադրութիւնը, որուն ընդմէջէն ներկաները ըմբոշխնեցին մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներուն արուեստի գործերը:

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին «Հայկական բանակ» պարը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեան: Ան նախ գնահատական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց կարելին ըրին կազմակերպելու բոլոր ձեռնարկները` շեշտելով, որ Այնճարը համահայկական արժէք է: Ան ըսաւ, որ այդ համահայկական արժէքը պահողները մեզմէ իւրաքանչիւրս ենք, իբրեւ ժառանգորդները մեր 18 նահատակներուն, որոնք իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի մենք այսօր Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դիմաց կարենանք խաչակնքել, հայերէն խօսիլ, իրար հայերէնով բարեւել, եւ յատկապէս մեր սրբութիւնները եւ արժէքները պահել այս հայ աւանին  մէջ: Խօսքը շարունակելով` հայր սուրբը ըսաւ, թէ Այնճարը միայն գիւղ չէ, Այնճարը արժէք է, մշակոյթ է, եկեղեցի է, նկարագիր է, սրբութիւն է, Հայաստան է, հայութիւն ու ամէն ինչ է, եւ ամէնէն կարեւորը` Այնճարը հայութիւն բուրող, իսկական հայուն նկարագիր ջամբող, հայու դիմագիծ նուիրող ու դրոշմող, այսօրուան մեր սփիւռքի փոքրիկ Հայաստանն է եւ պիտի մնայ: Ան ներկաներուն կոչ ուղղեց ըսելով, որ այս արժէքը չկորսնցնենք եւ պահենք, ու ապրինք այն հաւատքը որ ապրեցան մեր 18 նահատակները, մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը: Հայր սուրբը իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ Այնճարի համար, մեր գիւղին համար, մեր հիմնական ընելիքը պիտի ըլլայ պահպանել մեր դիմագիծը արեան գնով նոյնիսկ: Երգը կ՛ըսէ` «Երբ չի մնում ելք ու ճար խենթերն են գտնում հնար». այսօր մենք մեր գիւղի, հողի սրբութեան արժէքին, դիմագիծին խենթերն ենք, պահենք, ամուր կառչինք, նայինք դէպի ապագայ, դէպի յաղթանակ:

Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ-զուռնայով եւ շուրջպարով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Ներկայ հանդիսականները շրջեցան նաեւ Մուսա լերան համալիրին կից գտնուող կրակարաններուն բոլորտիքը եւ ականատես եղան մատաղի պատրաստութեան աշխատանքներուն: