Ե՞րբ Պիտի Բանաք Հայաստանի Հետ Սահմանը. Կարօ Փայլան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ – HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը՝ օրէնքով սահմանուած կարգով՝ հարցադիմում յղած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթային եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին՝  գրաւոր պատասխանի պահանջով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.em-ը՝ վկայակոչելով birgun.net-ը։

Հարցադիմումին մէջ նշուած է․ «Հակառակ անոր, որ Թուրքիան 1991թ․ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցած առաջին երկիրն է, բայց ղարաբաղեան պատերազմին պատճառով 1993-էն առ այսօր փակած է Հայաստանի հետ սահմանը եւ սառեցուցած դիւանագիտական ու քաղաքական յարաբերութիւնները։ 1993-էն ետք քաղաքական իշխանութիւնները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւումը կապած են Ազրպէյճանի տարածքներէն հայկական ուժերու դուրսբերման հետ։

Նախորդ տարուան Ղարաբաղի պատերազմին իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած հրադադարի պայմանագրով՝ հայկական զինուած ուժերը ետ քաշուած են տասնեակ տարիներ իրենց զբաղցուցած տարածքներէն։ Վերջին շրջանին, ինչպէս նախագահ Էրտողանը, այնպէս ալ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները կարգաւորլու կոչեր ընդգրկող յայտարարութիւններ ըրած են։

Ուստի այս ծիրէն ներս․

1. Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ի՞նչ ուղիով պիտի երթաք։

2. Հայաստանի հետ մեր սահմանը ե՞րբ պիտի բանաք։

3. Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները ե՞րբ պիտի սկսիք։

4. Հայաստանի հետ վստահութեան կապերը ապահովելու համար ի՞նչ քայլեր պիտի ընէք։

5. Ցամաքային եւ երկաթուղային կապը ապահովելու համար Հայաստանի հետ սկսա՞ծ են շփումներ։

6. Հայաստանի հետ ուղիղ թռիչքներ իրականացնելու նախաձեռնութիւն պիտի ունենա՞ք»։