ՀՀ Իշխանութիւնները Որդեգրած են Հայաստանը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Ամբողջական Ազդեցութեան Տակ Մտցնելու Քաղաքական Ուղղութիւնը․ Կիրօ Մանոյեան

Հայաստան

Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեան մէջ «անկախ հայկական պետականութիւն» հասկացութիւնը չկայ։ Եթէ պիտի ըլլայ որեւէ հայկական պետականութիւն Թուրքիոյ հարեւանութեամբ՝ Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեամբ՝ ատիկա կ՝ենթադրէ իրմէ կախուածութիւն։ Իսկ այն ուղղութիւնը, որ որդեգրած են մեր իշխանութիւնները, այդ է՝ Հայաստանը դարձնել Թուրքիայէն կախուած, Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի ամբողջական ազդեցութեան տակ եւ ամբողջովին կորսնցնել ինքնիշխանութիւնը։ Անդրադառնալով ՀՀ գործող իշխանութեան որդեգրած արտաքին քաղաքական գիծին․ այսօր, Սեպտեմբեր 10-ին, «Փաստարկ» ակումբին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան։

Իբրեւ հիմնաւորում իր ըսածին՝ Մանոյեան ներկայացուց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիբ Էրտողանի անփոփոխ դիրքորոշման եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատասխան յայտարարութեան ակնառու տարբերութիւնը։

«Էրտողանը կը կրկնէ նախապայմաններու մասին, Հայաստանի վարչապետը կ՝ըսէ՝ «դրական ազդակներ» կան։ Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին բան մը կը լսենք ու կը կարդանք, բայց տարբեր բաներ կը հասկնանք»,- ըսաւ Կիրօ Մանոյեան։

Ասուլիսը ամբողջութեամբ՝ տեսանիւթով․