Էրտողանը Արձագանգած է Փաշինեանի Յայտարարութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը պատասխանած է լրագրողներու կարգ մը հարցերուն՝ արձագանգելով նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ «Թուրքիայէն դրական ազդակներ կան, մենք այդ ազդակները պիտի գնահատենք» յայտարարութեան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Էրտողանի համոզումով՝ տարածաշրջանին մէջ նոր, կառուցողական մօտեցումներու կարիք կայ։ Ըստ անոր՝ «միակողմանի մեղադրանքներու փոխարէն պէտք է գերակշռող ըլլան առաջ նայող, իրատեսական մօտեցումները»։

«Մենք յարաբերութիւնները աստիճանաբար կարգաւորելու համար կրնանք աշխատիլ Հայաստանի այն կառավարութեան հետ, որ կը յայտարարէ, թէ պատրաստ է շարժիլ այս ուղղութեամբ։ Խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը այսուհետեւ պէտք է մնայուն դարձնենք եւ ապահովենք տնտեսական զարգացման ու տարածաշրջանային համագործակցութեան պայմանները»,- ըսած է Էրտողանը։

Թուրքիոյ նախագահը յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճանը առաջարկած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններ սկսիլ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի վերաբերեալ։ Այնուհետեւ Էրտողանը անդրադարձած է Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ հնարաւոր համագործակցութեան հարցին։

«Ամբողջ տարածաշրջանը զիրար կապելով, ինչպէս համաձայնեցուած է 2020թ․ Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուին, որոնք պիտի վերափոխեն Հարաւային Կովկասը։ Պատրաստ ենք աշխատելու բոլոր կողմերուն հետ, որոնք կ՝ուզեն դրականօրէն օգտագործել այս պատմական հնարաւորութիւնը»,- ըսած է Էրտողանը՝ աւելցնելով, որ հնգեակի կամ էլ վեցեակի հարթակի մասին իրենց առաջարկը ուժի մէջ է։ 

«Այս հարթակին վրայ են Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Ռուսիան, Իրանը եւ Հայաստանը։ Նոյնիսկ ըսինք՝ Վրաստանն ալ ընդգրկենք։ Եթէ այս հարթակը այս տեսքով ընդունուի, կը կարծեմ, որ տարածաշրջանը շատ աւելի կը հանգստանայ, քանի որ տարածաշրջանին մէջ պէտք է կառուցուին երկաթուղիներ, ճանապարհներ»,- ըսած է Էրտողանը։

Ան տեղեկացուցած է, որ այս հարցերը քննարկած է ՌԴ, Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ, որուն ընթացքին, ըստ Թուրքիոյ նախագահին՝ կողմերը հասած են համաձայնութեան։ Էրտողանը նշած է, որ այս հարցերուն շուրջ իրենք կրնան խօսիլ նաեւ Իրանի նորընտիր նախագահին հետ։