Հայկական Ազգային Խորհրդանշաններու Թանգարան Գիւմրիի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առիթով, ս․ թ․ Սեպտեմբերին Գիւմրիի մէջ պիտի բացուի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆՆԵՐու ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Հայկ Դեմոյեանի Facebook-ի գրառումէն։

Ըստ Դետոյեանի՝ թանգարանի ցուցադրութիւնը պիտի ներկայացնէ հայկական դրօշներու, զինանշաններու, եկեղեցական ու աշխարհիկ խորհրդանշաններու պատմութիւնն ու ծագումնաբանութիւնը՝ համալրուած բացառիկ ցուցանմուշներով։

Թանգարանի բացման օրուան մասին կը տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն։

Այս տարուան վեց ամիսներուն ընթացքին Գիւմրիի մէջ կազմակերուած է երկու նոր թանգարան եւ մէկ պատմական ակումբ։