Թուրքիան՝ Հրդեհներու եւ Հեղեղներու Մէջ (լուսանկարներ)

Աշխարհ

Մինչ Թուրքիոյ հարաւը կը մոլեգնին սարսափելի անտառային հրդեհները, երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ ջրհեղեղ է՝ առատ տեղումներու եւ վարարած գետերու պատճառով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Սինոփի մէջ ափերէն դուրս եկած է Այանճըք շրջանին մէջ գտնուող համանուն գետակը։ Ջուրը քշած-տարած է ինքնաշարժները, փլուզած է շէնքերը, իսկ տուներուն մէջ արգելափակուած բնակիչները դուրս հանուած են փրկարար ուղղաթիռներու միջոցով։

Պարթին նահանգի Ուլուս շրջանի 12 գիւղերու ելեկտրականութիւնը անջատուած է, բազմաթիւ ելեկտրասիւներ պարզապէս շրջած են։ Նահանգին մէջ 13 մարդ դուրս հանուած է հեղեղաջուրերէն ու հիւանդանոց տեղափոխուած։

Գասդամոնուի 8 շրջաններու մէջ եւս հեղեղներ առաջացած են, շարք մը բնակիչներ ջուրերէն փրկուելու համար բարձրացած են տուներուն տանիքները կամ ապաստանած նկուղներու մէջ։ Բազմաթիւ տուներ ու աշխատավայրեր հեղեղուած են ջուրերով ու աւերուած։

Գասդամոնուի Ինեպոյ շրջանի Օզլուճէ գիւղին մէջէն անցնող Զարպանա գետակը վարարելով ողողած է ողջ գիւղը։ Բնակիչներուն մէկ մասը լքած են տուները, մէկ մասն ալ արգելափակուած են շէնքերուն մէջ։

Ջուրի հոսանքը ինքնաշարժներն ու մնացեալ ամէն ինչ քշած-տարած է Սեւ ծով։ Տարածքին մէջ ելեկտրականութիւն ու հեռախօսակապ չկայ։ Նոյն վիճակն է նաեւ միւս բոլոր գիւղերուն մէջ, որոնք կը գտնուին Զարպանա գետակի ափերուն։