Մտահոգիչ եւ Վտանգաւոր Ճամբու Քարտէս. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

«Ճամբու քարտէս»-ը եզրոյթ մըն է, որ ընթերցողը կը փոխադրէ աւելի քան տասնեակ մը տարի առաջ: … Ապրիլ 22, 2009-ին էր, երբ մեկնարկը տրուեցաւ բազմիցս փորձուած հայ-թրքական գաղտնի խօսակցութիւններուն, իբրեւ թէ խաղաղութեան «ճամբու քարտէս»ի մը որոնումին համար: Օրին, մեծ փոթորիկ ստեղծեց այս ճամբու քարտէսը, որ ազգային հայեացքներու կարճատեսութեան եւ մտահորիզոնի սահմանափակութեան գործելաձեւ մըն էր: Բնականաբար, դժգոհութեան մեծ ալիք ստեղծեց այդ օրերու ճամբու քարտէսը, որ ունէր ներազգային եւ համահայկական «նրբերանգներ», հետեւաբար, ուղղակիօրէն կը հետաքրքրէր բոլոր հատուածները:
Ընթերցողին համար, դեռ դառն ու անմոռանալի են այդ առթիւ կատարուած ցոյցերն ու հաւաքները, յատկապէս սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ:
Այդ օրերուն, յստակ էր, թէ թրքական գործօնին միտք բանին՝ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան հասնիլն էր… հայոց ցեղասպանութեան հարցը մէկդի դնելով եւ նոյնիսկ թաղելով: Միաժամանակ, Անգարայի նպատակն էր Հայաստանի անդամակցութեան ամէնադոյզն հեռանկարը վեթոյի ենթարկել եւ նոյնիսկ սպառնալիքով Հայաստանէն պահանջել անընդունելի զիջումներ, որոնք կ՛ընդգրկէին ցեղասպանութեան հարցի վերջնական մոռացում: Անշուշտ, այդ ճամբու քարտէսին մէջ նշուած էր նա՛եւ Արցախի հիմնահարցը՝ իր զանազան մանրամասնութիւններով:
Պարզ ու մեկին, կարելի էր եզրակացնել, թէ յստակօրէն բաժնուած էին մէկ կողմէ՝ պետական, իսկ միւս կողմէ՝ ազգային շահերու հասկացողութիւնները: Ազգային-պետական շահերը հարուածող այս դիրքորոշումները կը մտահոգէին հայորդին, ամէնուրեք՝ Պուէնոս Այրէսէն Սիտնի, կտրելով Նոր թէ Հին Աշխարհները:
Այսօր, տարբեր ճամբու քարտէս մը կը կիրարկուի: Քարտէս մը, որ շրջանի աշխարհագրութեան հետ համընկնող մառախուղով պատուած չէ, ո՛չ ալ գոլորշիով, այլ թանձր մշուշով, որ նոյնքան վտանգաւոր է, որքան այդ օրերու անելներով լեցուն քարտէսը:
Շատեր ողջունեցին (ընդունինք՝ արդարօրէն) Ատրպէյճանի կողմէ Յուլիս 3-ին 15 հայ գերիներու ազատ արձակումն ու անոնց վերադարձը՝ Հայաստան: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, բոլորն ալ պատշաճ եւ յոյս ներդրող յայտարարութիւններով ողջունեցին Պաքուի որոշումը, իբրեւ արդիւնք՝ ռուսական միջնորդութեան: Այս քայլը, սակայն, պատկերին միայն կէսն էր, որովհետեւ երբ իմացուեցաւ ամբողջական պարունակութիւնը, յստակ դարձաւ, որ դարձեալ տարօրինակ «առ-եւ-տուր» մը սարքուած էր, այսինքն, Հայաստան Ատրպէյճանի տրամադրած էր Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Կովսականի (Զանգելան) ականապատ դաշտերու քարտէսները:
Կատարուածը, կրկնենք, առեւտուր մըն էր Կովկասեան բարձրաւանդակի ռազմաքաղաքական բնագաւառէն ներս:
Նմանօրինակ առեւտուր մըն ալ կատարուած էր, Յունիս 12-ին, երբ Պաքուի կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման դիմաց, Հայաստան «մարդասիրական նկատումներով»՝ ականազերծումը դիւրացնելու նպատակով, Ատրպէյճանի տրամադրած էր Աղտամի եւ շրջակայքի ականապատ դաշտերուն քարտէսները: Անշուշտ, այդ մէկը կատարուած էր Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ եւ Վրաստանի օժանդակութեամբ:
Պէտք է ընդգծենք. բնականաբար մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ գերիներու վերադարձը, յատկապէս ընտանիքներուն եւ ընդհանրապէս հայորդիին:
Այս ընթացքով, հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթներուն ալ, այլ գերիներ փոխան տեղեկութիւններու առեւտուրը շարունակուի, մինչեւ որ Հայաստանի ընդհանուր տարածքի տեղագրութիւնը փոխանցուի Պաքուի (որուն կրկնօրինակները վստահաբար կը ղրկուին նաեւ Անգարա):
Մտահոգիչ է կատարուածը, որուն ետին ծալքերը յստակ չէ, թէ ո՞ւր հասած են: Յայտնապէս մոռցուած է, որ Նոյեմբեր 9-ի անփառունակ համաձայնութեամբ՝ կողմերը գերիներու փոխանակում պիտի կատարէին «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով: Հայկական կողմը տուաւ, Ատրպէյճան ոչինչ տուաւ եւ ահա բացաւ առեւտուրի այլանդակ էջը: Կ’արժէ՞ երկար մեկնաբանել եղածն ու գտած արձագանգները…

Դեռ աւելին, անասնապահութեամբ զբաղող հայ գիւղացին անզէն կը գտնուի ռազմաճակատի առաջին գիծին վրայ եւ ոչինչ կրնայ ընել ատրպէյճանցի զինուորներու ոտնձգութիւններուն դէմ:
Պատահածը շատ լուրջ է եւ միայն գիւղին կամ գիւղացիին պաշտպանութեան հարցը չէ, այլ` մեր ժողովուրդին հողին եւ իրաւունքին:
Տարբեր է այս անգամ ստեղծուած եւ իրագործուած ճամբու քարտէսը, որ պատրաստուած է նենգամտութեամբ եւ ճնշումի տակ. այս բոլորը կը կատարուին առանց խորհրդակցութիւններու եւ մենատիրական գործելաձեւով:
Եւ ո՞վ է քուէարկողը այս ճամբու քարտէսը ձեւաւորողին…