Վատիկան Կ՛երթանք Լիբանանի Ամբողջ Ժողովուրդին Դիմագրաւած Դժուարութիւնները Պարզելու Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայականը Շեշտելու. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սփիւռք

Նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախաձեռնողն է 1 յուլիսին Վատիկանի մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն Ֆրանչիսկոս պապին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին, արդարեւ, անցնող օրերու ընթացքին վեհափառ հայրապետին այցելեցին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով կապեր հաստատեցին Լիբանանի քաղաքական, կրօնական ու ակադեմական դէմքեր, Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ մամլոյ օրկաններ: Անոնք ուզեցին իմանալ Վատիկանի հանդիպումին գծով վեհափառ հայրապետին պատկերացումները:

Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը Վատիկան կ՛երթան խօսելու համար Լիբանանի ժողովուրդին անունով` առանց համայնքային խտրութեան, որովհետեւ տառապողը ամբողջ ժողովուրդն է: Երկրորդ, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը պարտաւորութիւնը ունին խօսելու իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին անունով, որովհետեւ եկեղեցին իր էութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդն է, եւ, հետեւաբար, եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապներուն նկատմամբ: Երրորդ, Լիբանանը անմիջական կարիքը ունի նոր կառավարութեան, որուն անդամներուն թիւը, բնոյթը, քաղաքական ու համայնքային մասնակցութիւնը հոգեւոր պետերուն խնդիրը չէ: Անոնց պահանջը յստակ է. շուտով կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ ժողովուրդին կեանքը բարելաւել, տնտեսութիւնը կազմակերպել, արտագաղթին առաջքը առնել ու երկրին մէջ ապահովութիւն հաստատել: Այս հարցերուն գծով քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետերուն միջեւ տարբեր տեսակէտներ գոյութիւն չունին:

Յայտնենք, որ Վատիկանի պատասխանատուները աշխուժ կերպով կը պատրաստեն յիշեալ հանդիպումը` իր ներքին թէ հրապարակային երեսներով: