Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմային Չանդրադառնալուն Գծով՝ Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Գործիչը Էրտողանին Խորհուրդ Տուած Է Բժիշկի Դիմելու

Աշխարհ

Յունիս 14-ին Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ առաջին անգամ ըլլալով կայացած էր Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներու՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպումը։

Հանդիպումէն առաջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թեմային վերաբերեալ՝ Էրտողան ըսած էր․ «Ասիկա մեզի համար շատ ցաւոտ գործընթաց էր։ Մենք չենք կրնար այս հարցը անտեսել ու օրակարգ չբերել, ատիկա ճիշդ չ՝ըլլար, որովհետեւ Թուրքիան պատահական երկիր չէ: Յոյսով եմ (Պայտընի հետ) այնպիսի հանդիպում պիտի ըլլայ, որ մոռացութեան պիտի մատնէ Ապրիլ 24-ը»։

Մինչդեռ, Պայտընի հետ շուրջ 90 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամուլի ասուլիսին ժամանակ, Թուրքիոյ նախագահը յայտնած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային որեւէ անդրադարձ չէ եղած․ «Փառք Աստուծոյ, ընդհանրապէս օրակարգ չէ եկած»։

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է թրքական մամուլին եւ ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով haber3.com.tr-ը։

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող քեմալական «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP-ԺՀԿ) անդամ, երկրի նախագահի նախկին թեկնածու, այժմ «Հայրենիք» (Memleket) կուսակցութեան հիմնադիր Մուհարեմ Ինճէն կոշտ արձագանգած է Էրտողանի յիշեալ յայտարարութեան:

Ինճէն, իր կուսակցութեան Քարապիւքի նահանգային գրասենեակի բացման արարողութեան ժամանակ, անդրադառնալով Պայտըն-Էրտողան հանդիպման, ըսած է.

«Հանդիպումէն մէկ օր առաջ ըսած էիր, որ կը ցաւիս Ապրիլ 24-ին ԱՄՆ-ի կողմէ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար ու իբր այդ հարցը անպայման օրակարգ պիտի բերէիր: Լրագրողները յետոյ կը հարցնեն, թէ արդեօք Ապրիլ 24-ի հարցը յայտնուա՞ծ է օրակարգին մէջ, պատասխանած է. «Փառք Աստուծոյ, ընդհանրապէս օրակարգի մէջ չէ յայտնուած»: Այսինքն կարծես մենք մեղաւոր ենք ու փառք Աստուծոյ ճեղքած ենք, գործը փրկած ենք»:

Ինճէն, շարունակելով քննադատութիւնները, Էրտողանին խորհուրդ տուած է բժիշկի դիմելու:

«Եթէ կ՝ըսես՝ «Փառք Աստուծոյ, որ Ապրիլ 24-ի իրադարձութիւնները օրակարգ չեկան», կարծեմ՝ ատիկա քաղաքականութեան գործ չէ, ատիկա բժշկութեան գործ է, դիմեցէք բժիշկի»: