Ըստ Տաւութօղլուի՝ Պայտըն-Էրտողան Հանդիպման Օրակարգին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Պէտք է Ըլլար

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 14-ին, Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս, առաջին անգամ կայացած է Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներու՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպումը։

Նախօրէին ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով Պելճիքա մեկնելու ընթացքին, անդրադառնալով  ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թեմային, Էրտողանը ըսած էր․ «Ասիկա մեզի համար շատ ցաւոտ գործընթաց էր։ Մենք չենք կրնար այս հարցը անտեսել ու օրակարգ չբերել, ատիկա ճիշդ չէ, որովհետեւ Թուրքիան պատահական երկիր չէ: Յոյսով եմ (Պայտընի հետ) այնպիսի հանդիպում պիտի ըլլայ, որ մոռացութեան պիտի մատնէ Ապրիլ 24-ը»։

Մինչդեռ Պայտընի հետ շուրջ 90 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամուլի ասուլիսին ժամանակ՝ Թուրքիոյ նախագահը յայտնած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային որեւէ անդրադարձ չէ եղած․ «Փառք Աստուծոյ, ընդհանրապէս օրակարգ չէ եկած»։

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է թրքական մամուլին եւ ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակներուն մէջ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Արտաքին գործոց նախկին նախար, ներկայիս ընդդիմադիր «Ապագայ» (Gelecek) կուսակցութեան առաջնորդ Ահմեթ Տաւութօղլուն կոշտ արձագանգած է Էրտողանի յիշեալ յայտարարութեան:

Տաւութօղլուն Էրտողանը մեղադրած է համարձակութիւն չդրսեւորելու մէջ: «Թրամփի՝ (Էրտողանին ուղղուած-խմբ.) «Յիմար մի ըլլար» նամակէն ետք եւս մէկ անգամ հիասթափութիւն ապրեցանք: 1915թ. դէպքերուն վերաբերեալ ըսել, որ «Փառք Աստուծոյ, այդ հարցը օրակարգ չէ եկած», անզօրութիւն է: Ատիկա կ՝արտացոլէ այն կրաւորական ենթագիտակցութիւնը, որ չի կրնար քողարկել քաջութիւնը»,- գրած է Տաւութօղլուն: Ընդդիմադիր գործիչին համոզումով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Էրտողան-Պայտըն հանդիպման ժամանակ պէտք է օրակարգի վրայ յայտնուէր եւ Պայտընին անհրաժեշտ պատասխան տրուէր: