«Հայկական Քոնեակի Շնորհիւ Ապահովուած է Եալթայի Խորհրդաժողովին Դրական Արդիւնքը». Թրքական Կայք

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան, Սփիւռք

Թրքական «Timeturk» լրատուական կայքը հրապարակած է ուշագրաւ յօդուած մը հայկական մշակոյթի եւ մասնաւորապէս գինեգործութեան վերաբերեալ։ Նախ պատմական ակնարկով տեղեկութիւններ կը յայտնէ աւելի քան 5 հազար տարի առաջ հայ ժողովուրդի ձեւաւորման մասին։ Կը նշուի, որ շումերական գրաւոր աղբիւրներուն, Աստուածաշունչին մէջ կը յիշատակուի Արատտա անունով հնագոյն պետութեան մասին, որ կը նոյնանայ Արարատ – Հայաստանի հետ։

Այնուհետեւ թրքական աղբիւրը յղում կը կատարէ բրիտանական «The Telegraph» պարբերականին, ուր անդրադարձ եղած է հայկական գինեգործութեան։

«Հայերը գինեգործութեամբ զբաղող ամենահին ազգն են աշխարհի վրայ։ Իբրեւ ապացոյց բրիտանական թերթը կը նշէ, որ «Արենի 1» քարանձաւային համալիրին մէջ յայտնաբերուած են 6000 տարուան վաղեմութեան գինեգործութեան հետքեր։ Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ հայերը քրիստոնէութիւնը իբրեւ պաշտօնական կրօն ընդունած առաջին ազգն են։ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ ու վանքեր կան եւ դժուար է որոշել, թէ անոնցմէ որն է ամենահոյակերտը»։

Յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանէն դուրս կ՝ապրին աւելի շատ հայեր, քան երկրէն ներս։ «1915թ․ տեղի ունեցած դէպքերը միլիոնաւոր  հայերու ստիպած են գաղթել այլ երկիրներ, իսկ յետոյ այդ երկիրներուն մէջ ստեղծուած են խոշոր հայկական համայնքներ»,- գրած է TimeTurk-ը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանէն դուրս կը բնակի առնուազն 5․6 միլիոն հայ։

«Հայաստանը Շէրի, Անտրէ Աղասիի, Սերժ Թանկեանի, Քարտաշեանի նման յայտնի անձերու հայրենիքն է։ Հայաստանի մէջ կը հաւատան, որ Նոյի տապանը կանգ առած է Արարատի գագաթին։ Այժմ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Արարատ լեռը Հայաստանի ազգային խորհրդանիշներէն մէկն է եւ կը համարուի սուրբ լեռ»։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հայաստանի մայրաքաղաքը աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է՝ 29 տարիով մեծ Հռոմէն։ Իսկ հայկական լաւաշ հացը գրանցուած է UNESCO-ի ոչ նիւթական մշակութային արժէքներու ցանկին մէջ։

«Հայկական քոնեակը համտեսած անձերուն մէջ է Մեծ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլը։ ԽՍՀՄ առաջնորդ Իոսիֆ Ստալինը 2-րդ աշխարհամարտի տարիներուն տասնեակ արկղերով հայկական քոնեակ կ՝ուղարկէր Չըրչըլին։

Նոյնիսկ վարկած կայ, որ Եալթայի խորհրդաժողովի արդիւնքները  մեծ չափով եղած են հայկական քոնեակի եւ գինիի ազդեցութեամբ։ Այս մասին «The Telegram»-ը կը գրէ․ «Չըրչըլը, Ստալինն ու ԱՄՆ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզւելթը պատերազմէն ետք Եւրոպայի զարգացման ուղիները քննարկելու նպատակով հանդիպեցան Ղրիմի մէջ։ Եալթայի խորհրդաժողովի դրական արդիւնքը ապահովուեցաւ հայկական քոնեակին եւ գինիին շնորհիւ։ Չըրչըլի օգնականներէն մէկը յետագային պատմած է, որ վարչապետը այնքան շատ կովկասեան խմիչքներ խմած էր, որ ցանկացած խելամիտ մարդու կրնար մեղմացնել»։