ՀՀ Գիւղերու Մօտակայքը Ազրպէյճանական ԶՈւ-ի Կրակոցները Իրական Վտանգ Են ՀՀ Քաղաքացիական Բնակիչներուն Համար. ՀՀ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

2021 Յունիս 10-ին (այսօր)` ժամը 16:30-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական զինուած ուժերը սկսած են կրակել Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա եւ Կութ գիւղերու հարեւանութեամբ:

Կրակոցները դադրած են միայն ժամը 19:30-ի սահմաններուն: ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կը յայտնէ, թէ ահազանգեր ստացած է նշուած գիւղերէն, եւ անոնք ստուգմամբ հաստատուած են:

Անգամ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմ գիւղերու բնակիչներու ահազանգերու ընթացքին լսուած են կրակոցներ:

Կրակոցները գիւղերուն մէջ եղած են պարզ լսելի: Առաւել ուժգին լսելի եղած են Կութ եւ Վերին Շորժա գիւղերու արօտավայրերուն մէջ (սարատեղիներ):

ՀՀ գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ ազրպէյճանական կրակոցները ունին յանցաւոր բնոյթ, իրական վտանգ են ՀՀ քաղաքացիական բնակիչներու կեանքի, ֆիզիքական անվտանգութեան, խաղաղ կեանքի եւ այլ կենսական իրաւունքներու համար:

Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանական կրակոցները, ՀՀ սահմանային բնակիչներու կենդանիներու գողութիւնները ընկերային, ինչպէս նաեւ կենսական վնասներ կը հասցնեն ՀՀ սահմանային բնակչութեան: Պէտք է հաշուի առնել նաեւ ՀՀ քաղաքացիական բնակիչները` հովիւներուն զէնքի ցուցադրումով տրուող սպառնալիքները, հովիւներուն քաշքշելը, զարնելը, հայհոյանքը եւ այլն:

Այս բոլոր դէպքերը հաստատուած են Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաւաքած ապացոյցներով:

Ազրպէյճանական այսօրուան կրակոցներուն փաստը հաստատած է նաև ՀՀ ՊՆ-ն: Անոնք դադրած են միայն ՀՀ զինուած ուժերու կրակէն ետք: Այս ամէնը տեղի կ՝ունենայ այն պայմաններուն մէջ, որ ազրպէյճանական զինուած ծառայողները 2021թ. Մայիս 12-էն սկսեալ կեղծ քարտէզներու վկայակոչմամբ ապօրինաբար ներխուժած են ՀՀ ինքնիշխան տարածք` Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի կողմէ:

Նշուած արարքները պէտք է դիտարկել միասնական յանցաւոր դիտաւորութեան մէջ:

ՀՀ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ազրպէյճանական զինուած ուժերու յանցաւոր արարքներէն բացարձակ հրատապութեամբ կը պահանջէ անվտանգութեան գօտիի առկայութիւն:

Այսօրուան միջադէպը եւս ակնյայտ ցոյց կու տայ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը խաթարեն մարդոց ֆիզիքական ու հոգեկան անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը վերականգնելու հեռանկարները:

Ծանուցում` սարատեղի կ՝անուանեն այն վայրերը, ուր գարնան, ամրան եւ աշնան ամիսներուն կը բնակին քաղաքացիական բնակիչներ (նաեւ ընտանիքներով) եւ արօտավայրի մէջ կ՝արածեցնեն իրենց մանր ու խոշոր եղջերաւոր կենդանիները: