Ընտրե՛լ «Հայաստան» Դաշինքը Նաեւ Յանուն Ջաւախահայութեան Ապագայի. Կոչ Ջաւախքէն

Հայաստան, Սփիւռք

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը կանգնած են աննախադէպ մարտահրաւէրներու առջեւ, կորսնցուցած ենք Արցախի զգալի հատուածը, վտանգուած են հայկական պետականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Այս իրավիճակին մէջ Ջաւախքը, ջաւախահայերը չեն կրնար անտարբեր մնալ։ Մենք կը գիտակցինք, որ թոյլ հայկական պետականութեան պայմաններուն մէջ կը վտանգուի նաեւ ջաւախահայութեան ապագան։

Հաշուի առնելով անցեալի փորձը՝ մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս իրավիճակէն կրնանք դուրս բերել միասնական ջանքերով՝ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդութեամբ եւ ղեկավարութեամբ։

Մենք՝ ջաւախահայերս, լաւ կը յիշենք՝ հայ-վրացական միջպետական յարաբերութիւնները ինչ բարձր մակարդակի վրայ էին Ռոպերթ Քոչարեան-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն համագործակցութեան տարիներուն, որ մեզի համար շատ կարեւոր է։

Մենք կը յիշենք, թէ ինչպիսի կրթական, մշակութային, առողջապահական, ընկերային ծրագրեր կ՝իրականացուէին Ջաւախքի մէջ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան շրջանին։

Պատահական չէ նաեւ, որ այս արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միայն «Հայաստան» դաշինքն է, որ նախընտրական ծրագրով կ՝առաջարկէ խորացնել եւ ընդլայնել ռազմավարական գործընկերութիւնը Վրաստանի հետ՝ որպէս բարեկամ երկրի, եւ պահպանել ջաւախահայութեան ազգային ինքնութիւնը:

Հաշուի առնելով վերոնշեալ հսկայական աւանդը Ջաւախքի մէջ իրականացուած ծրագրերուն մէջ, հաշուի առնելով նշուած ժամանակահատուածին հայ-վրացական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը՝ կոչ կ՝ընենք Հայաստանի քաղաքացիներուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի մէջ ապրող ջաւախքցիներուն, Յունիս 20-ին աշխոյժ մասնակցիլ մեր ազգի համար գերկարեւոր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ քուէարկել «Հայաստան»՝ Ռոպերթ Քոչարեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Վերածնուող Հայաստան», դաշինքի օգտին։

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուէմօ Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդ