Թշնամին Դարձեալ Գերի Բռնած է Հայ Զինուոր Մը

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի ՊՆ–ն յայտնած է, թէ Յունիս 8-ին, հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին հայկական բանակը «փորձած է ներթափանցել ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք»։

«Երկիր»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ըստ թշնամիին՝ ազրպէյճանական բանակի այս ուղղութեամբ տեղակայուած ստորաբաժանումները ձերբակալած են զինծառայող Արթուր Կարտանեանը։ Կը նշուի, որ դէպքը տեղի ունեցած է հետեւեալ տարածքին վրայ՝ X8610021, Y4387428:

Ազրպէյճանը կը նշէ, որ իբր հայերուն նպատակը սահմանէն այն կողմ տարածքները ականապատելն էր:

ՀՀ ՊՆ–ն դեռ չէ հաստատած տեղեկութիւնը։