Պարտուեցանք, Կրնայի՞նք Չպարտուիլ, Կը Յաղթահարե՞նք Պարտուածի Բարդոյթը (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թուրքի յոգնակի ուժին դէմ պարտուեցանք:

            Փոխանակ բանտարկուելու պարտութեան յառաջացուցած բարդոյթին մէջ, պէտք է պնդանալ եւ վերամտածել վերականգնումի մասին, որ կարենալ գոյատեւելու, հզօրանալու եւ իրաւունքի նուաճման առաջին քայլն է: Այդ ընելու համար դատարկ ճառերէ եւ ինքնասիրութիւններէ պէտք է հեռանալ, եւ նախ հարց տալ, թէ՝ կրնայի՞նք չպարտուիլ: Ինչպէ՞ս:

            Պատասխանէն կախում պիտի ունենայ ազգի եւ հայրենիքի ապագան:

            Առարկայական ազդակները որոշ են. Հայաստանի դէմ էր համրանքը, նիւթական (նաւթային) հարստութիւնը՝ զինուելու համար, Թուրքիոյ անվերապահ եւ անթաքոյց աջակցութիւն-մասնակցութիւնը պատերազմին: Այսքանը հասկնալի է: Անհասկնալի էր,- այս ըսել առանց ճապկումներու,- ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը պետութեան՝ Իսրայէլի զօրակցութիւնը եւ զէնքի մատակարարումը ցեղասպանութիւն գործած եւ ցեղասպանական միտում ունեցող ուժերու:

            Հայաստան պատերազմ մղեց՝ առանց զինակիցի՝ ընդդէմ իրմէ բազմապատիկ աւելի զօրաւոր թրքական նախայարձակ ճակատին:

            Կարելի՞ էր խուսափիլ պատերազմէ: Հարցումը պէտք է ուղղել Մինսքի խումբի համանախագահներուն, երեք հզօր եւ միջազգային հեղինակութիւն ունեցող երկիրներուն: Անոնք կրնայի՞ն անգիտանալ, որ պատերազմ պիտի շղթայազերծուէր: Նման ենթադրութիւն պիտի նշանակէր զանոնք ստորագնահատել: Ինչո՞ւ թոյլ տուին, որ պատերազմ տեղի ունենայ: Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է պատասխանէ այս հարցումին:

            Հայաստան, առանձին, որքան ալ լաւ զինուած ըլլար, թրքական-Ատրպէյճանական գռոհին կրնար դիմադրել ժամանակ մը միայն: Պատերազմէ խուսափելու համար ան կարիք ունէր, առաջին դաշնակից եւ դրացի Ռուսիոյ, որ ապաստանեցաւ այն տրամաբանութեան ետին, որ Հայաստան յարձակման ենթակայ չէր, իսկ Արցախը Հայաստան չէր: Հայաստանի ամբոխավարական աժան յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, քաղաքական, ռազմավարական, ռազմական եւ օրինական ոչ մէկ կշիռ ունէին, զանգուած կը յուզէին, թշնամին կը գրգռէին: Հռետորական թռիչքի եւ քաղաքականութեան շփոթ:

            Ռուսիան Հայաստանի դաշնակիցն է, մինչեւ հակառակին փաստը: Միակ դաշնակից եւ մասամբ ալ՝ ապահովութեան երաշխիքԲայց դաշնակիցը պէտք է պահել գիտնալ: Այսինքն շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ դաշնակիցի հակադրուող ուժերուն հետ երբ յարաբերութիւն կը մշակենք: Ո՞վ չի գիտեր, որ Արեւմուտքը Ռուսիոյ նկատմամբ քննադատական վերաբերում ունի, որ կրնայ արդարացի ըլլալ կամ չըլլալ: Հայաստան արեւմտասիրութիւն ցուցաբերելէ առաջ, պիտի մտածէր, պէտք է մտածէ, իր անմիջական դրացիին, դաշնակիցին, երաշխաւորին հակազդեցութեան մասին:

            Միշտ ալ զարմացած եմ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ, արեւմտասիրութեան զուգահեռ կան նաեւ բացորոշ եւ յայտարարուած հակառուս արտայայտութիւններ: Արեւմուտքը երբեւիցէ ուզա՞ծ է, կ’ուզէ՞, կրնա՞յ Հայաստանի ռազմաքաղաքական դաշնակից եւ երաշխաւոր ըլլալ: Իրանը շրջափակման ենթակայ Հայաստանի համար միակ բաց ցամաքային ճանապարհն է: Ան միշտ հանդէս եկած է ի նպաստ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման: Իսկ Իրան մինչեւ այսօր անհաշտելի հակառակորդն է Իսրայէլի: Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէր հոն Հայաստանի դեսպանատան հաստատումը, անցեալի համատեղութեան կարգով Ֆրանսայի դեսպանը կը զբաղէր նաեւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններով, այդքանով կարելի էր բաւարարուիլ:

            Ի՞նչ արդիւնք տուաւ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն ունենալու շուտիկութիւնը: Իսրայէլ զէնք մատակարարեց Ատրպէյճանի, անուղղակի կերպով մասնակից եղաւ 44օրեայ պատերազմին եւ Հայաստանի պարտութեան:

            Դաշնակիցը եւ բարեկամը պահել իմաստուն դիւանագիտութիւն է:

            «Մինուճար» Հայաստանի դէմ յարձակում գործուեցաւ եւ ան կրեց անփառունակ պարտութիւն: Ռազմաճակատին վրայ փայտէ զէնք է նախկիններու դէմ հպարտներու աղմկարարութիւնը: Հպարտ ըլլանք թէ ոչ, պարտութիւնը կը բերէ նսեմացում, իւրաքանչիւր քաղաքացի, մեր պարագային իւրաքանչիւր հայ, ներսը եւ դուրսը, զանգուածները, առաւել կամ նուազ եւ իրենց ձեւով, կ’ապրին այդ նսեմացումը, որ հոգեկան ընկճուածութիւն կը յառաջացնէ (trauma), կը ստեղծէ հոգեբարոյական բարդոյթ(ներ) (complexes):

Պարտութեամբ հպարտանալ մազոխականութիւն է: Ինքնախաբէական դարման (placebo): Հիմա պէտք է մտածել եւ գործել այդ բարդոյթը յաղթահարելու մասին:

            Հայաստանի մէջ ծաւալած են եւ կը շարունակուին բանավէճեր: Պարտութեան պատասխանատուները, ով որ ալ ըլլան անոնք, չեն կրնար վերակագնումի յեղափոխական գիտակցութեան եւ նախաձեռնութեան առաջնորդել զանգուածները: Այս համահայկական իրատեսական վերաբերում պէտք է ըլլար եւ չեղաւ:

            Ընդհանրապէս, անգիր օրէնք է, պարտութեան պատասխանատուութիւնը կրողները իրենք կը հեռանան, կամ ժողովրդական ընդվզումի ալիքը այդ կը պարտադրէ, նոր դէմքերու հետ նոր յոյս գտնելու համար: Հայաստանի մէջ ոչ մէկը պատահեցաւ եւ ոչ միւսը: Պարտութենէն ութը ամիս ետք, երկիրը դեռ կ’ապրի ընկճուածութեան, փոխադարձ եւ անվերջանալի ամբաստանութիւններու մթնոլորտին մէջ, որ կը խափանէ ամէն նախաձեռնութիւն: Արդիւնքը այն է, որ Հայաստան եւ հայութիւն, ներսը եւ դուրսը, կարծէք կը գտնուին շարժող աւազադաշտի մը վրայ (sables mouvants) եւ կ’աւազախրին:

            Փոխադարձ (արդար կամ անարդար) քննադատութիւններու ալիքը այնքան հզօր է եւ աւեր գործած, հիները եւ նորերը նոյնքան մաշած են, որ հրաշքի համազօր պիտի ըլլայ համազգային վստահութիւն ներշնչող ՆՈՐ ԴԷՄՔ(ԵՐ)Ի մը յայտնութիւնը, գիւտը: Հայաստան փոքր երկիր է, մարդիկ զիրար կը ճանչնան:

            Բայց այդ փոքր երկրին մէջ կան կարողութիւններ, բարձրամակարդակ պատրաստութիւն ունեցողներորոնք չեւ ուզած, չեն փորձուած քաղաքական խաղերու մէջ իրենք զիրենք սպառել. մեծ տնտեսագէտներ, մեծ պատմաբաններ, մեծ մտաւորականներ, որոնք խուսափած են քաղաքական անմիջական փառք հետապնդելէ:

            Ինչո՞ւ զանգուածները, գիտակցական ոստումով մը, այդ արժանաւորներու դուռը բախելով, զանոնք պիտի չբերեն իշխանութեան գլուխ, մարդիկ՝ որ մաշած չըլլան աթոռակռիւներու մէջ: Այս կ’ըլլայ վերականգնումի իմաստուն յեղափոխութիւն:

            Հայաստանը վերականգնումի կարենալ առաջնորդելու ատակ պատրաստուած եւ բարձրորակ հայրենասէր մարդիկ կան, որոնք կրնան երկիրը դուրս հանել փապուղիէն:

            Զանոնք տեսնելու համար պէտք է գիտնալ սրբուիլ մեր ատելութիւններէն, կիրքերէն, կողմնապաշտութիւններէն, եսերէն, դառնալ իրատես:

            Ֆրանսացի ընկերաբան Կիւսթաւ լը Պոն, որ ուսումնասիրած է «Ամբոխներու հոգեբանութւնը», կ’ըսէ հետեւեալը. «Իմաստունները անոնք են, որ կ’առաջնորդուին համեստութեամբ, բարութեամբ եւ հանդուրժոութեամբ: Բայց անոնք կը պահեն բարութեան մէջ հաստատակամութիւն, պայծառատեսութեան մէջ՝ ներողամտութիւն եւ արդարութեան մէջ՝ խստապահանջութիւն»:

            Այս իմաստունները կան Հայաստան: Անոնք թերթերու առաջին էջերու եւ հեռատեսիլի պատուհանին մնայուն հիւրերը չեն:

            Հեռանալով յաղթողի եւ պարտեալի հոգեկան հիւանդագին լարուածութենէ, ողջախոհութեան հրաշք պահու մը, զանոնք պէտք է լսել եւ անոնց հետեւիլ:

            Այս ընելու համար Ազգը պիտի գիտնայ ինք իր դէմ յաղթանակ տանիլ:

            Այն ատեն ազգը կը մեծնայ: Կ’ընդրգկուի հոգեկան բարդոյթները յաղթահարելու ուղիին մէջ:

            Կը միանայ եւ կը վերականգնի: