Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին Ուրախութիւն կը Պարգեւէ Հայաստանի մէջ Գտնուող 100 Ընտանիքներու

Հայաստան, Սփիւռք

Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին շարունակեց գարնանային ուրախութիւն եւ յոյս պարգեւել Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի եւ Գեղարքունիկի մարզերուն մէջ ժամանակաւորապէս հաստատուած Արցախի հարիւր ընտանիքներու, շնորհիւ մեր ծխականներուն եւ բարեկամներուն աջակցութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հայրենիք»-էն։

Բաշխումը կատարուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան (Հայաստան) միջոցով։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կամ անհատ ստացաւ հարիւր ամերիկեան տոլար:

Մայր Եկեղեցին պիտի շարունակէ հովանաւորել նմանօրինակ ծրագիրներ 2021-ի ընթացքին, որուն մասին պիտի տեղեկացնենք պարբերաբար։ Արցախի հազարաւոր գաղթականներ անորոշ ապագայի մատնուած են եւ, դժբախտաբար, նման ծրագիրներու անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի յառաջիկայ ամիսներուն եւ թերեւս տարիներուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Երկուշաբթի, Մայիս 10-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան եւ բարերարուհի Ազատուհի Զարուկեան, յատուկ այցելութիւն մը կատարեցին Հայ Քոյրերու Վարժարանը՝ Ֆիլատելֆիոյ մօտակայքը։

Մեր Եկեղեցին ու հայ դպրոցը յատուկ տեղ մը ունին օր. Զարուկեանի սրտին մէջ։ Հայ Քոյրերու Վարժարան՝ բոլոր դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն նման, բանալին է մեր ժողովուրդի ապագային։ Բարերարուհին ու իր եղբայրները յաճախած էին Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը։ Ան իր առաքելութիւնը դարձուցած է Հայ Եկեղեցիին ու դպրոցներուն աջակցիլ ի յիշատակ իր ծնողներուն ու եղբայրներուն։
Աշակերտները, ուսուցչական կազմը եւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Քոյր Էմմա Մուսայեան, բարի գալուստ մաղթեցին հիւրերուն, եւ աշակերտները Մայրերու Օրուան նուիրուած հայկական երգերու, արտասանութիւններու եւ պարերու գեղեցիկ յայտագիր մը ներկայացուցին։ Այնուհետեւ, օր. Ազատուհի երկու հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց դպրոցին՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Զարուկեան» հիմնադրամէն: