Լաթվիա Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Եւ Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Լաթվիա պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 100 անդամներէն 58-ին համաձայնութեամբ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ եւ Էսթոնիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան: Ան դիտել կու տայ, թէ ինչ որ տարիներ շարունակ դժուար էր պատկերացել, արդէն իրականութիւն դարձաւ՝ վերջին տարիներու տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք։

Ան նաեւ կը յիշեցնէ, որ տակաւին 24 Ապրիլ 2020-ին Լաթվիոյ խորհրդարանի երկու ուժեր, որոնք նաեւ իշխող դաշինքի անդամներ են, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող եւ դատապարտող յայտարարութիւններ կատարեցին: «Այս ուժերուն, ինչպէս նաեւ «Համաձայնութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչներու մեծ մասին նախաձեռնութեամբ ալ 2021 Փետրուարէն սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, որուն իբրեւ արդիւնք բանաձեւ-յայտարարութիւն ներկայացուեցաւ Ապրիլ 23-ին: Ապրիլ 29-ին, նախնական բանաձեւին տարբերակը առարկութիւններով յետաձգուեցաւ մէկ շաբաթով: Բանաձեւին փոփոխուած տարբերակ առաջարկեց Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը, որուն շուրջ նոյնպէս ծաւալեցաւ քննարկում եւ որ նոյնպէս վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին զուգահեռ աշխատանքներ ծաւալած է այս ուղղութեամբ»,- գրած է Տիգրան Մկրտչեան` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով լաթվիացի այն խորհրդարանականներուն, որոնք նպաստեցին այս հարցին: