Յոյները Կը Պատուեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումը Պրազիլիոյ Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Պ­րա­զի­լիոյ ­Սաօ ­Փաո­լօ քա­ղա­քին մէջ, 25 Ապ­րի­լին, տե­ղի ու­նե­ցած ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կին առի­թով ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րուն ներ­կայ ե­ղած են նաեւ ­Սաօ ­Փաո­լո­յի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­պա­տոս Ս­թի­լիա­նոս ­Խուր­մու­զիա­տիս եւ տե­ղա­կան յու­նա­կան հա­մայն­քի նա­խա­գահ Ս­թաւ­րոս ­Քի­րիո­փու­լոս։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ Օր»-ը՝ վկայակոչելով Պրազիլի իր ընթերցողներէն Վար­դի­նէ ­Գա­լայ­ճեանի փոխանցած տեղեկութիւնները։

Ա­նոնք նա­խա­պէս մաս­նակ­ցած են քա­ղա­քի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով մա­տու­ցո­ւած պա­տա­րա­գին, ա­պա ներ­կայ ե­ղած են ե­կե­ղեց­ւոյ հրա­պա­րա­կին վրայ կանգ­նած ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թին ու ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հած են։

­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի ե­լոյթ­նե­րուն ա­ռի­թով, յոյն հիւ­պա­տո­սը եւ յու­նա­կան հա­մայն­քի նա­խա­գա­հը հե­ռա­տե­սի­լի հայ­կա­կան «­Քո­նեք­սաօ Ար­մե­նիա» յայ­տա­գի­րին հար­ցազրոյց մը տա­լով՝ խօ­սած են ­Հա­յոց եւ պոն­տա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Ա­նոնք նաեւ զու­գա­հեռ գի­ծեր քա­շած են Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րի եւ ­Կիպ­րո­սի հար­ցին վրայ։ Ն­շենք նաեւ, որ Պ­րա­զի­լիոյ յու­նա­կան հա­մայն­քի «­Հե­լե­նի­քա» կայ­քէ­ջին վրայ լոյս տե­սած է լայն լրա­տո­ւու­թիւն, անդ­րա­դառ­նա­լով յու­նա­կան մաս­նակ­ցու­թեան ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րուն եւ ընդգ­ծե­լով եր­կու բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­սա­րա­կաց ող­բեր­գու­թիւն­ներն ու նո­ւա­ճում­նե­րը։