Ես Այս Երգով Ուզեցի Դառնալ Որդեկորոյս Մայրերու Ձայնը. Մարալ Այվազ՝ Իր Նոր Տեսահոլովակին Մասին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պոլսահայ յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու վերջերս հրապարակ հանեց նոր տեսահոլովակ մը: Տեսահոլովակը նկարահանուեցաւ «Անվերջ Խաւար» անուն երգին, որ յօրինուած է յայտնի արուեստագէտ Արա Տինքճեանի երաժշտութեամբ եւ Մարալ Այվազի խօսքերով: Արա Տինքճեանի այս յօրինումին բուն անունն է «Փիքչըր», որ անցեալին
բազմաթիւ լեզուներով նաեւ երգուած է զանազան երկիրներու մէջ: Մարալը արդէն այս երգին տեղ տուած էր իր անդրանիկ սկաւառակին մէջ, որ լոյս տեսած էր Յունիս 2019-ին:

Երգչուհին, պատերազմներէ տուժած մարդոց ցաւն ու տառապանքը արտայայտելու նպատակով՝ գրի առած է այս երգին բառերը: Ան յետոյ կը մտածէ, որ երգի բառերու խորհուրդը ձեւափոխուի պատգամակիր գծանկարներու եւ այդպէսով անմեղ մարդոց սրտաճմլիկ իրադարձութիւնները հանրութիւններու ուշադրութեան յանձնուին: Վերջապէս կ՚ունենանք աշխուժութիւն եւ ոգեւորութիւն ստեղծող տեսահոլովակ մը, որ պատրաստուած է Երեւանցի արուեստագէտ Հայկ Սայատեանի կողմէ, իսկ Մարալի նկարահանումները կատարուած են Յարութիւն Տավուլճեանի կողմէ: Երգչուհին տեսահոլովակին վերաբերեալ զգացումներն ու մտածումները կը բացատրէ հետեւեալ խօսքերով.

«Պատմութեան հին օրերէն սկսեալ մարդիկ անընդհատ կը պատերազմին մանաւանդ աշխարհաքաղաքական պատճառներու եւ երկիրներու շահամոլիկ հաշիւներու հետեւանքով: Պատերազմը, աշխարհի անվերջանալի իրականութիւնն է: Մահեր, կոտորածներ, աւերածութիւններ, ոչնչացումներ, պարտադիր տեղահանութիւններ եւ այդ տեղահանութեանց ընթացքին՝ անմարդկային ցաւալի վերաբերումներ: Դժբախտաբար մեծ տէրութիւններ դասեր չեն քաղած այս ողբերգութիւններէն, իսկ տառապողները կ՚ ըլլան միայն երեխաներն ու անմեղ բնակիչները: Ես այս երգով ուզեցի դառնալ որդեկորոյս մայրերու ձայնը, որովհետեւ գիտեմ մեղեդիներու այն ոյժը, որ շուտով կը հասնի բոլորին եւ կը յիշեցնէ մեզի մեր անհատ ըլլալը։»