Արժանթինեան Ֆութպոլի Ակումբը Իր Մրցումը Կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Շապիկներով
Արժանթինի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մէկ մրցումին, «Տեփորթիւօ Արմէնիօ»-ի ֆութպոլիստները «Քոլեխիալես»-ի դէմ իրենց մրցումը կատարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին նուիրուած շապիկներ հագած: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։
Մարզաշապիկներուն վրայ զետեղուած էին Հայաստանի դրօշակին գոյներով բռունցք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող անմոռուկ եւ 106 թիւը:
Ֆութպոլիստներու անուններուն փոխարէն գրուած էր «Արմենիա», իսկ թիւէն վար՝ Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ «Տեփորթիւօ»-ի յաղթանակով՝ 1-0 արդիւնքով:

