Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակն է

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ ազգը արդէն 106 տարիներու պահանջատիրական յարատեւ պայքարի ուղի մը ունի իր ետին, յանուն մեր իրաւունքներու վերականգնման, արդարութեան վերահաստատման եւ մեր ապահով ապագայի կերտման։

Պայքարը պիտի շարունակուի, քանի դեռ Թուրքիան եւ իր արբանեակ Ազրպէյճանը չեն փոխած իրենց հակահայկական քաղաքականութիւնը։ Թուրքիան չէ ճանչցած հայ ազգին եւ մարդկութեան դէմ իր գործած ոճիրը՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներողութիւն չէ խնդրած եւ չէ հատուցած հայութեան՝ իր պատճառած հայրենազրկումի, բարոյական եւ նիւթական ահռելի կորուստներուն ու վնասներուն համար։

106 ամեակի շեմին, Հայաստանի իշխող ապազգային խմբակը կը հնչեցնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման բացայայտ կոչեր, վիժուած այս խմբակը, բոլոր բնագաւառներուն մէջ ձախողած, հայրենիք յանձնած, թշնամիին առջեւ ծունկի եկած, տնտեսութիւնը քայքայած անկարող վարչապետի գլխաւորութեամբ կը փորձէ մեզ համոզել, որ «Հայաստանի զարգացման հնարաւորութիւնները պայմանաւորած են սահմաններու բացմամբ եւ Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան հաստատումով»։

Այս օրերուն այս միտքերը հնչեցնելը անմեղ զուգադիպութիւն մը չէ երբեք, այլ թրքահաճոյ քաղաքականութեան մէկ նոր սադրանք է, որուն գործադրութեան լծուած են այս ապաշնորհ իշխանութիւնները։

Իշխող այս խմբակի քարոզած «խաղաղութիւնը» ցնորք է ու պատրանք, աւելին, ան մեր ազգին ու հայրենիքին պիտի պատճառէ յաւելեալ կորուստներ, ընդհուպ հայկական պետականութեան անկում։ Ժողովուրդներու պատմութիւնը փաստած է, որ խաղաղութիւնը չեն մուրար, այլ մնայուն խաղաղութիւնը կը նուաճուի պայքարով, յաղթանակով եւ արդարութեան վերահաստատմամբ։ Արցախեան վերջին պատերազմը անգամ մը եւս փաստեց, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը նպատակ ունին իրագործել բանթուրքական եւ բանթուրանական իրենց փայփայած երազը, եւ բոլոր միջոցներով հետամուտ են այդ նպատակը իրագործելու իրենց ընթացքին մէջ։

Մենք որպէս ցեղասպանութեան ուղղակի հետեւանքով Սփիւռքի մէջ ապրող համայնք կը յայտարարենք բոլորին, յատկապէս ՀՀ իշխանութիւններուն, որ ոեւէ իշխանութիւն իրաւունք չունի ոտնակոխ ընելու հայ ազգի իրաւունքները։ Մենք բոլոր միջոցներով ուղղակի թոյլ պիտի չտանք, որ մսխուին մեր ազգի արժանապատուութիւնն ու ապագան, երկար տարիներու յանուն հայ դատի եւ հայկական իրաւունքներու համար մղուած պայքարի ձեռքբերումներն ու նուաճումները։

Հակաթուրք մեր պայքարը աննահանջ պիտի շարունակուի մինչեւ այն ատեն որ Թուրքիան չի դադրիր էապէս ու գործնապէս վարած հակահայ քաղաքականութենէն, այնքան ատեն որ ան կը շարունակէ ուրանալ եւ ժխտել հայ ազգի հանդէպ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ չի հատուցեր հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքները՝ նիւթական, բարոյական եւ հողային։

Մեր նպատակը նահանջ չի ճանչնար, պայքարը պիտի շարունակենք յաւելեալ գործով, աննկուն կամքով եւ անսասան հաւատքով։

Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քուէյթի Մեկուսի Մասնաճիւղ
Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմ
Հ.Օ.Մ. Քուէյթի Մեկուսի Մասնաճիւղի