Անի Յովհաննէսեանի «Ծածուկ Քարտէսը» Պիտի Ցուցադրուի NBCLX Կայանէն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Անի Յովհաննէսեանի «Ծածուկ Քարտէսը» («The Hidden Map») վաւերագրական շարժապատկերը 23-25 Ապրիլին պիտի ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, NBCLX կայանէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Ֆիլմը կը ներկայացնէ սկովտիացի հնագէտ Սթիւըն Սիմի հետ Անիին ճամբորդութիւնը դէպի Արեւմտահայաստան:

Ստորեւ ցուցադրութիւններու ժամանակացոյցը.

– 23 Ապրիլին, կ.ե. ժամը 4-5

– 24 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9-10 եւ երեկոյեան ժամը 6-7

– 25 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 1-2, կ.ե. ժամը 3:30-4:30 եւ երեկոյեան ժամը 8-9

Լոս Անճելըսի մէջ NBCLX-ը ձրիաբար տրամադրելի է 4.3 ալիքէն, Roku-ի եւ Peacock-ի միջոցաւ կամ LX.com կայքէն։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.lx.com/where-to-watch/ կայքէջը։