­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կին Նո­ւի­րո­ւած Հ.­Կ.­­Խա­չի Ա­րիւ­նա­տ­ւու­թեան Ար­շա­ւը Ա­ւար­տին Հասաւ

Սփիւռք

Հ.Կ. ­­­Խա­չի ա­րիւ­նա­տ­ւու­թեան Բ. փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­րա­կի՝ 4 Ապ­րիլ 2021-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00էն մին­չեւ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 14:00, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

­­­Հա­կա­ռակ «­Քո­րո­նա» ժահ­րի պատ­ճա­ռով շրջա­գա­յու­թեան ար­գի­լու­մի կի­րա­ռու­մին, գոր­ծադ­րե­լով շրջա­գա­յու­թեան օ­րէն­քի անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րը, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը դար­ձեալ ըն­դա­ռա­ջե­ցին Հ.Կ.­­­Խա­չի կո­չին եւ ներ­կա­յա­ցան ա­րիւ­նա­տ­ւու­թեան վայ­րը, խո­րա­պէս գի­տակ­ցե­լով, թէ ի­րենց նո­ւի­րա­բե­րու­մով կեանք մը պի­տի փրկո­ւի եւ պի­տի յար­գեն ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու ա­րեան զո­հա­բե­րու­մը:

Հ.Կ.­­­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «­­Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բը, օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու հա­մար կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­նե­րուն, բժիշ­կին եւ հի­ւան­դա­պահ­նե­րուն: ­Պա­տաս­խա­նա­տու բժիշ­կը խիստ քննու­թիւն­նե­րէ կ­­­՚ան­ցը­նէր կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­նե­րուն, որ­պէս­զի բո­լոր ա­ռող­ջա­պա­հա­կան օ­րէնք­նե­րը յար­գո­ւին: ­Կա­րե­լի ե­ղաւ 46 հո­գիէ ա­րիւն ստա­նալ, հա­կա­ռակ որ ներ­կա­նե­րու թի­ւը ա­ւե­լի բարձր էր, սա­կայն ա­ռող­ջա­պա­հա­կան տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով՝ մաս մը մեր­ժո­ւե­ցաւ: Ս­տա­ցո­ւած ա­րեան քա­նա­կը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ «Է­վան­կե­լիզ­մոս» հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­կար­գի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ա­նու­նին պահ դրո­ւած ա­րեան պա­հես­տա­նո­ցին։

­­­Հայ ­­­Կա­պոյտ ­­­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին՝ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ի­րենց կող­մէ ցոյց տրո­ւած պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան եւ կա­մա­ւոր ներ­կա­յու­թեան հա­մար, ո­րով այս տա­րի եւս, եր­կու ա­կումբ­նե­րուն մէջ յա­ջո­ղա­պէս ի­րա­կա­նա­ցած ա­րիւ­նա­տ­ւու­թեան շնոր­հիւ, ­միու­թեան ա­րեան պա­հես­տը հարս­տա­ցաւ նկա­տա­ռե­լի քա­նա­կով մը։