Ազրպէյճանական Կողմը Կը Փորձէ Իրեն Համար Արդարացման Հիմքեր Ապահովել՝ Ներկայացնելով Ականապատ Տարածքներու Քարտէզներու Կեղծ Օրակարգ․ ԱԳՆ Խօսնակ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանի պատասխանը լրագրողներու հարցին.

Հարց․ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները վերջերս հանդէս կու գան յայտարարութիւններով՝ մեղադրելով հայկական կողմը՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած ականապատ տարածքներու քարտէզները չտրամադրելու մէջ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այդ յայտարարութիւնները։

Պատասխան. Ինչպէս գիտէք, ազրպէյճանական իշխանութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքով եւ 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթներով ստանձնած իրենց յանձնառութիւնները՝ հայրենադարձնելու դեռ պատանդառութեան մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը։ Ըստ էութեան, ի պատասխան այս հարցով նաեւ միջազգային հանրութեան ճնշումներուն, ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ իրեն համար արդարացման հիմքեր ապահովել՝ ներկայացնելով ականապատ տարածքներու քարտէզներու կեղծ օրակարգ: Ատոր մասին կը վկայէ նաեւ այն փաստը, որ ազրպէյճանական պաշտօնեաներու կողմէ այդ հարցին բարձրացումը կը կրէ զուտ հրապարակային բնոյթ:

Հակամարտութեան ողջ ընթացքին ազրպէյճանական կողմը ոչ միայն հանդէս չէ եկած ականազերծման հարցերով համագործակցելու առաջարկով, այլեւ աւելին` ամէն ջանք ներդրած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ականազերծման ծրագրերու իրականացումը խափանելու նպատակով։ Բաւական է յիշել, որ Ազրպէյճանը 2016-ին արգելափակած է ԵԱՀԿ Երեւանի գրասենեակի իրաւագիրին երկարաձգումը վերջինիս ականազերծման ծրագրերուն աջակցելու պատրուակով, որ յանգեցուցած է Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ դաշտային առաքելութեան փակման։

Կոչ կ՝ընենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն զերծ մնալու միջազգային հանրութիւնը ապակողմոնորոշելու նման փորձէն եւ գործուն քայլեր ձեռնարկելու՝  կատարելու Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններն ու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պահանջները, որոնք կ՝ենթադրեն անյապաղ եւ անվերապահ կերպով բոլոր ռազմագերիներու եւ պատանդառութեան մէջ գտնուող անձերու ազատ արձակումը եւ հայրենադարձումը։