Արժեւորենք Գինը, Որ Վճարուեցաւ Յանուն Խաղաղութեան եւ Հայոց Կեանքի Յարատեւութեան. Գարեգին Բ.

Հայաստան

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդ ուղերձ յղած է Աւագ Ուրբաթ օրուան ընդառաջ:

«Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ Մեր,

Մեծի պահոց շրջանի հոգեւոր ապրումներով քայլ առ քայլ հասած ենք Աւագ Հինգշաբթի օր։ Այսօր յիշատակեցինք Վերնատան մէջ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումը եւ երեկոյեան Խաւարման կարգի արարողութեամբ՝ պիտի մօտենանք այս նուիրական շաբթուան ամենախորհրդաւոր հանգրուանին՝ Աւագ Ուրբաթին։

Սիրելիներ, Աւագ Ուրբաթ օրը կոչուած ենք աղօթքներով ու հոգեւոր խոկումներով, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ անդրադառնալու մեղքէն մեր ազատագրման համար Տիրոջ կրած սոսկալի չարչարանքներուն, Անոր քաւչարար մահուան եւ մեզի համար բացուող փրկութեան ճանապարհին։

Այս օրը, երբ մենք տրտմութեամբ հանդերձ, Սուրբ Յարութեան աւետիսի խորհուրդով կը փառաբանենք եւ կը մեծարենք Փրկիչի մահը, աղօթքով յիշենք մեր հայրենեաց պաշտպանները՝ նահատակ զաւակները, վիրաւորները, գերութեան մէջ գտնուողներն ու անյայտ կորածները, որոնք յանձն առին քրիստոսանման զոհողութիւններ, եւ արժեւորենք այն գինը, որ վճարուեցաւ յանուն խաղաղութեան եւ հայոց կեանքի յարատեւութեան։

Հայրապետիս հորդորն է, որ Տիրոջ խաչելութեան պատկերը մեր հոգիին մէջ՝ ամուր մնանք հաւատով եւ յարատեւօրէն աղօթենք՝ հայցելով Երկնաւոր Հօր ողորմութիւնը մեր հոգիներուն, նաեւ խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն՝ մեր հայրենիքին, միասնականութիւն եւ փորձութիւններէ վեր յառնելու աննահանջ կամք՝ համայն մեր ժողովուրդին»,- նշուած է կաթողիկոսի ուղերձին մէջ: