Ոչ Եւս Է Արցախի Հերոս, Զօրավար-հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը

Հայաստան

Մահացած է Արցախի հերոս, զօրավար-հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը։ Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան։

«Սրտի խոր կսկիծով կը տեղեկացնեմ, որ քիչ առաջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ Արցախի հերոս, զօրավար-հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեան: Մեր սիրելի Կոմանդոսը…»,- գրած է Մելիք-Շահնազարեան։