Յայտնաբերել Լելէ Թեփէի Գործողութեան Քաղաքական Որոշման Պատասխանատուն. «Ճշմարտութիւն Սերունդների Համար» Նախաձեռնութիւն

Հայաստան

«Ճշմարտութիւն սերունդների համար» նախաձեռնութիւնը
իրականացուցած է հետաքննութիւն, որուն հիմնական նպատակը Արցախեան երկրորդ պատերազմի ելքը որոշած ճեպրաիլեան կամ Լելէ թեփէի գործողութիւնն է, որ իրականացաւ Հոկտեմբերի սկիզբը, եւ որուն հետեւանքով ռազմաճակատի վրայ ազրպէյճանաթրքական կողմը ստացաւ մեծ առաւելութիւն, փաստացի վճռելով պատերազմի ելքը: Այս մասին նշուած է նախաձեռնութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւն՝

«Դաւաճանութիւն էր ասիկա, թէ արկածախնդրութիւն, որուն հետեւանքով հարիւրաւոր զոհեր տուինք եւ կրեցինք նիւթաճարտարագիտական հսկայական կորուստներ, կը ձգենք իրաւապահ համակարգին՝ հայկական նիւրնպերկեան դատավարութեան, իսկ առայժմ կ՝արձանագրենք, որ.

Գործողութեան մասին հանրութեան առաջինը յայտնած է վարչապետ, գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Նիկոլ Փաշինեանը, ռազմական գործողութեան իսկ ընթացքին, հարցազրոյց տալով ռուսաստանեան RBK հեռուստաալիքին, որուն ընթացքին ըսած է. «Եթէ հաշուի առնենք այն տեղեկատւութիւնը, որ կը ստացուի այսօր կանուխ առաւօտէն, կրնանք ըսել, որ ղարաբաղցի զօրահրամանատարներու մտայղացումը իրագործուած է անոնք հարաւի մէջ մարտավարական քայլեր ձեռնարկած են՝ միջանցք ձգած եւ այնտեղ ծուղակի մէջ ձգած են Ազրպէյճանի ռազմական բաժանմունքը։ Բառացիօրէն այս վայրկեաններուն այդ բաժանմունքը կը ստանայ ջախջախիչ հարուածներ։ Եւ ես կը կարծեմ, որ ասիկա պիտի ըլլայ ողջ գործողութեան առանցքային կէտը։ Այս պահուն, իմ տեղեկութիւններով, կը դրուի ղարաբաղեան բանակի վերջնական յաղթանակին իրական հիմքը: Ես ասիկա կ՝ըսեմ, որովհետեւ ղարաբաղցի, հայ զօրահրամանատարները ծրագիր ունէին՝ ետ քաշուելու Ճեպրաիլի ուղղութեամբ եւ այնտեղ ներքաշելու ազրպէյճանական բանակի մեծ ուժեր։ Երէկ երեկոյեան անոնք այնտեղ մտած են մեծ, շատ մեծ ուժերով, եւ այսօր առաւօտէն անոնց ջախջախիչ հարուած կը հասցուի, գործողութիւնը չափազանց յաջող կ՝ընթանայ»:

Ասիկա կը փաստէ, որ այս ողբերգական եւ ծանր հետեւանքներով ռազմական գործողութեան հիմնական պատասխանատուն եւ մեղավորը Փաշինեանն է, որ հաստատած է զայն ու տուած հրամաններ։

1. Զինուորականները, մասնագէտները կը փաստեն, որ գործողութիւնը սկսած է առանց անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներու, առանց հաշուարկելու մեր գրոհող ուժերուն հնարաւորութիւնը, առանց հետախուզելու տեղակայքը, առանց հաշուարկելու զբաղցուցած դիրքերը վերահսկելու մեր ներուժը:

2. Յոյժ գաղտնի պայմաններով մշակուած ռազմական գործողութեան մասին, ինչպէս կը վկայեն տարբեր աղբիւրներ, այդ օրը, բառիս բուն իմաստով, կը խօսէր ամբողջ Ստեփանակերտը։ Ասիկա միտումնաւոր արտահո՞սք էր, պետական դաւաճանութի՞ւն, թէ՞ լիակատար անմեղսունակութիւն։ Բայց այս ամէնէն հետեւանքը չի փոխուիր՝ հարիւրավ զոհեր, սարքերու ջախջախում, ողջ ճակատի կազմաքանդում։

3. Հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ բաւական բարդ եւ գերկարեւոր գործողութեան մեր ստորաբաժանումները մասնակցած են գերյոգնած վիճակով, գործողութեան բուն տեղը հասնելու համար անցնելով տասնեակ քիլոմեթրեր, իսկ սարքերը՝ զրահամեքենաները եւ հրասայլերը գտնուած են, մեղմ ըսած, ոչ լաւ վիճակի մէջ, քանի որ բուն գործողութիւնը սկսած են կտրելով մօտ հարիւր քլմ ճանապարհ: Այս պատճառով, ինչպէս նաեւ հակահարուածը հպանցիկ եւ հապճէպ մշակելու հետեւանքով գրոհի նետուած չորս տասնեակէ աւելի հրասայլերէն եւ զրահամեքենաներէն կորսնցուցած ենք առնուազն 42-ը, տուած ենք մարդկային հսկայական կորուստներ (տարբեր գնահատականներով 650-750 զոհ):

4. Ռազմական գործողութեան ընթացքին ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղցնող Նիկոլ Փաշինեանը Հոկտեմբեր 6-ին հարցազրոյց տուած է ռուսաստանեան RBK հեռուստաալիքին եւ պատմած, որ մեր զինուորականները մշակած են եւ ռազմաճակատի հարաւը կ՝իրականացնեն յատուկ գործողութիւն, որ պիտի որոշէ պատերազմին ելքը: Փաստօրէն, ընթացող ռազմական գործողութեան մասին Փաշինեանը կը տեղեկացնէ նաեւ թշնամիին: Ասիկա կամ անմեղսունակութիւն է կամ դաւաճանութիւն:

5. Հոկտեմբեր 6-ին Նիկոլ Փաշինեանը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է, որ նախորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 5-ին եղած է Արցախի մէջ եւ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ու Զինուած ուժերու բարձրագույն սպայակազմին հետ քննարկած «հակառակորդին արժանի հակաահաբեկչական հարուած հասցնելու յետագայ քայլերը»: Ինչը եւս մէկ վկայութիւն է, որ նոյնինքն անոր հաւանութեամբ եւ վերջնական համաձայնութեամբ իրականացուած է պատերազմի ելքը յօգուտ թշնամիի որոշած գործողութիւնը:

6. Հոկտեմբեր 6-ին Աննա Յակոբեանը գրած է, թէ կը գտնուին գնդակոծուող քաղաքին մէջ, եւ կից տեսանիւթ տեղադրած, ուր կ՝երեւի, որ ան եւ Նիկոլ Փաշինեանը դուրս կու գան առանձին զրոյցէն, իսկ դռներուն առջեւ անոնց կը սպասեն Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ու ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։

7. Նոյն օրը, ռազմական գործողութեան ընթացքին Հանրային հեռուստաալիքով կը ցուցադրուի ռազմական քարտէզ, ուր սլաքներով կը ցուցադրուին հակահարուածի հիմնական ուղղութիւնները:

8. Վատ նախապատրաստական աշխատանքներու եւ այլ թերացումներու պատճառով մենք այս գործողութեան ժամանակ կորսնցուցած ենք նաեւ պաշտպանական բանակի պահուստը՝ կանխորոշելով պատերազմի ելքը:

9. Մինչ այս գործողութիւնը իրականացուած են անյաջող հակահարուածներ, որոնց հետեւանքով կրկին ծանր կորուստներ կրած են մեր բանակային բաժանմունքները: Այս ամէնը հիմք կու տայ պնդելու, որ խնդիր դրուած եղած է փլուզելու մեր զինուած ուժերը, զայն երկար ժամանակով զրկելով վերականգնուելու հնարաւորութենէն:

10. Ճապրաիլեան կամ Լելէ Թեփէի գործողութեան հետեւանքով լուրջ կորուստներ կրած է մեր հրամանատարական կազմը, որմէ ետք անչափ դժուար եղած է ղեկավարել զօրքը եւ իրականացնել այլ գործողութիւններ:

11. Ընդամէնը մէկ գործողութեան ընթացքին տուած ենք սարսափելի շատ զոհեր:

12. Ռազմական գործողութենէն առաջ տարբեր հրամատարներու կողմէ եղած են սթափեցնող կոչեր, եղած են յստակ առաջարկներ, սակայն բոլոր խելամիտ եւ բանական առաջարկները մերժուած են:

13. Ակնյայտ է, որ բացի յստակ խնդիր լուծելէ, այս ռազմական գործողութեան կազմակերպիչները, ղեկավարները հետապնդած են բանակին ծանր հարուած հասցնելու եւ Հայաստանի ու Արցախի համար ծանր պարտութիւն երաշխաւորելու հեռահար նպատակ:

Ամփոփում

Այս գործողութիւնը իրականացուած է անձամբ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգէն ետք: Անձամբ անոր ղեկավարութեամբ։ Ան այդ օրերուն եղած է Ստեփանակերտի մէջ:

Այս իրավիճակին մէջ, հաշուի առնելով այս հարցին հանրային մեծ հնչեղութիւնը եւ կարեւորութիւնը, հաշուի առնելով այն հսկայական զոհերը, որ տուած ենք այս գործողութեան ընթացքին, կը դիմենք խորհրդարանական խմբակցութիւններուն՝ այս հարցով օր առաջ խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու համար:

Կը դիմենք.

■ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցին: Որպէս քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ, որպէս քաղաքացի, որպէս ապագայ մայր, կը կարծենք չէք կրնար անտարբեր ըլլալ այս հարցին վերաբերեալ: Արկածախնդրութեան կամ դաւաճանութեան հետեւանքով զոհուած է աւելի քան վեց հարիւր զինուոր: Յոյսով ենք կը կիսէք մեր տեսակէտը, որ ամէն ինչ պէտք է ընենք, պարզելու համար, թէ ինչու տրուած է նման գործողութիւն իրականացնելու հրաման, երբ չեն ձեռնարկուած նախապատրաստական անհրաժեշտ աշխատանքներ: Մենք պատրաստ ենք մեր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերելու նախապատրաստական աշխատանքներուն, պատրաստ ենք մասնակցելու նաեւ լսումներուն:

■ ԲՀԿ խմբակցութեան յարգարժան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, գիտենք, որ անտարբեր չէք այս խնդիրին նկատմամբ, կը խնդրենք այս հարցով եւս ցուցաբերել հետեւողականութիւն եւ կ՝առաջարկենք, որ հետամուտ ըլլաք այս հարցով խորհրդարանական լսումներու իրականացման:

■ ԼՀԿ խմբակցութեան ղեկավար, յարգելի պրն Մարուքեան, ապացուցեցէք, որ անտարբեր չէք ամենակարեւոր խնդիրներու նկատմամբ եւ ինքնուրոյն քաղաքական ուժի ղեկավար էք. ձեր նպաստը բերէք այս հարցով խորհրդարանական լսումներու իրականացման:

Մէկ անգամ եւս կ՝ընդգծենք, որ մեր նպատակը այս գործողութեան քաղաքական որոշման պատասխանատուին յայտնաբերումն է: Պետութեան համար անհրաժեշտ է պարզել, թէ ինչո՞ւ նման որոշում կայացուած է, ինչո՞ւ անիկա այդքան անփոյթ իրականացուած է, ինչո՞ւ չեն լսուած նախազգուշացումները, ինչո՞ւ այդքան դիւրին մահուան տարին մեր տղաքը, մեր բանակի մարտունակ հատուածները, ի՞նչ հրէշաւոր նպատակներ կը հետապնդէ գերագոյն գլխաւոր կազմակերպիչը։

Մենք այս հարցերուն պատասխաններ կ՝ուզենք ստանալ ԱԺ լսումներու իբրեւ արդիւնք։ Պատերազմի օրերուն ԱԺ նախագահը տեղադրելով Փաշինեանի լուսանկարը գրած էր. « Չշշկռուիք՝ մեր Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը»։

Հիմա շշկռուած է ողջ երկիրը, որ մնացած է անպաշտպան, շշկռուած ենք մենք, որ հրէշաւոր հրամաններու պատճառով կորսնցուցիքն մեր տղաքը ու հիմա մենք հարցեր ունինք այդ նոյն գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին։ Այս հարցերը վաղեմութեան ժամկէտ չունին»։

«Ճշմարտութիւն Սերունդների Համար» Նախաձեռնութիւն