
Ղարաբաղեան Պատերազմին Վիրաւորուած է Շուրջ 11 Հազար Զինուոր, 885 Ուրիշներ՝ Հաշմանդամ Դարձած
Շուրջ 11 հազար հայ զինուոր վիրաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետի տեղակալ Գեղամ Փաշիկեան:
Ըստ անոր՝ անոնցմէ 2 տոկոսը լուրջ վնասուածքներ ստացած է, 7 տոկոսը` ծանր, 55 տոկոսը՝ թեթեւ վնասուածքներ: 885 զինուոր հաշմանդամ դարձած է: Ներկայիս կը բուժուի շուրջ 1500 զինուոր: