Հայոց Իրաւունքին Ջարդ Կը Հակադրեն Եւ Միջազգային Համայնքը Վատութեամբ Կը Լռէ. (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Չեմ գիտեր ո՞ր դիւանագիտական տխմարութիւնները

կը ստիպեն խնայել Սուլթանին:

Ժորժ Քլեմանսօ

            Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր քաղաքակիրթ երկիրներ շունչ եւ թուղթ կը սպառեն Ժողովուրդներու Ինքնորոշման եւ Մարդկային Իրաւանց մասին խօսելով: Վերանորոգուող շատախօսութիւն, որ հաճոյք կը պատճառէ արեւմտեան մտաւորական եւ քաղաքական խաւերու: Նոյնն են արեւմտեան քաղաքական կեանքի դերակատարները, իրաւարարները եւ որոշում կայացնողները, հոն են ուր որ էին իրենց նախորդները, եւ անդին անարդարութիւնները կը շարունակուին՝ ուժին պարտադրած արեան եւ աւերածութեան տուրքով:

            Կազմել ցանկը մեծանուններու, որոնք այս Իրաւանց մասին խօսած եւ գրած են, միջազգային կոչուած իրաւարարութիւններով, խաղաղութեան հաստատման կարգախօսներով, խորհրդաժողովներ գումարած են, կառոյցներ ստեղծած են, մրցանակներ ստացած են: Կը բաւէ թաւշապատ բազկաթոռներով սրահներէն դուրս գալ եւ լսել առակագիր Լա Ֆոնթէնի խօսքը, որ՝ «Աւելի հզօրի օրէնքը միշտ լաւագոյնն է»: Տկարներուն կը մնայ բողոքելու իրաւունքը: Անտեղեակութեամբ արդարանալ չքմեղանք չէ:

            Եթէ այսօր քաղաքական կարեւոր կամ նուազ կարեւոր դէմք մը խօսի իր երկրի ժողովներէն մէկուն կամ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան բեմէն, կրկնելով ֆրանսացի Ժան Ժոռէսի Ֆրանսայի Խորհրդարանին մէջ 3 նոյեմբեր 1896ին արտասանած մարդկայնական ճառը, միջազգային հանրային կարծիքը կը ծափահարէ, նաեւ անիրաւուածները, անոնց շարքին՝ ի հարկէ հայերը:

            Ի՞նչ ըսած է Ժան Ժոռէս, որպէս Խորհրդարանի օրակարգ երբ առաջարկած է.

            «Ֆրանսայի Խորհրդարանը, Հայաստանի գարշելի ջարդերու պարագային հաստատելով Եւրոպայի պատասխանատուութիւնը, ընչաքաղցութիւնները, նախանձները, յետադիմական հաշիւները ափսոսալով, որոնք ներկայի Եւրոպային արգելք եղած են ի գործ դնելու հաւաքական նախաձեռնութիւն մը ի նպաստ նախատուած մարդկութեան, կը յուսայ, որ բոլոր երկիրներու աշխատաւորները կը միանան ստեղծելու անշահախնդիր կարծիքի դրութիւն մը, եւ յաջողելու որ եւրոպական տէրութիւնները ստանձնեն Հայերու ապահովութիւնը եւ Թուրքիոյ բոլոր կրօններուն, ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն հաւասարապէս ընծայեն հաւասար ազատութեան, բարեկեցութեան եւ յառաջդիմութեան երաշխիքներ»**:

            Այս 125 տարի առաջ ըսուած էր:

            Բան մը փոխուա՞ծ է՝ ինչ կը վերաբերի «Եւրոպայի պատասխանատուութեան», ընդլայնելով ծիրը՝ արդարութեան, ազատութեան, մարդկային եւ ինքնորոշման իրաւունքի մասին միջազգային բեմերէ հնչող ճառերէն:

            Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի անդամ Կարօ Փայլան, ամենայն յանդգնութեամբ, Հայաստանի «Իրաւունք» լրատուամիջոցի թղթակիցին կ’ըսէ. «Ազգայանականները մեզ վախի մէջ են պահում, ամէն օր հայերի, Հայաստանի դէմ ազգայնական ռեպլիկներ են հնչում, տարատեսակ միջավայրերում եւ խօսակցություններում: Էլ չեմ խօսում նախագահ Էրտողանի եւ նրա կուսակիցների մասին: Այդ իսկ պատճառով հայերը այստեղ ապրում են, մեղմ ասած, ոչ լաւագոյն էտապները: Հիմա առավել քան երբեւէ հայերի նկատմամբ ազգայնականութիւնը առաւել ցայտուն է դրսեւորուած: Մեզ անընդհատ շարքային տեղացիները յիշեցնում են, որ ցեղասանական ոճիրները կարող են կրկնուել: Դա է պատճառը, որ հայ ժողովուրդը վախի մէջ է»: Կարօ Փայլանի նշած տեղը Թուրքիան է, ուր իր գնահատմով, հայկական մնացորդացը 50.000 է:

            Ժան Ժոռէսի խօսքը, Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներու վրայ գտնուող եկեղեցիներու եւ մշակութային կոթողներու քանդումը,- որ շարունակութիւնն է Նախիջեւանի հայկական Խաչքարերու ոչնչացման,- եւ Կարօ Փայլանի ահազանգը, բան մը կը նշանակեն գեղեցիկ խօսքէն աւելին պահանջելու համար քաղաքակիրթ աշխարհէն: Միջազգային կառոյցները խօսքէ եւ սկզբունք հրապարակելէ անդին, ի՞նչ ըրած են եւ ի՞նչ կ’ընեն: 2020ի թուրք-ազերի ազգայնամոլական եւ կրօնական մոլեռանդութեամբ դրոշմով շղթայազերծած պատերազմին եւ այսօր շարունակուող հետեւանքներուն դիմաց, ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ կ’ընեն, որ «բոլոր կրօններուն, ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն հաւասարապէս ընծայեն հաւասար ազատութեան, բարեկեցութեան եւ յառաջդիմութեան երաշխիքներ»:

            Ֆրանսայի մեծ դէմքերէն Ժորժ Քլեմանսօ աւելի ճիշդ, յստակ եւ համարձակ խօսք ըսած է, զոր կը յիշե՞ն իրենք զիրենք աշխարհի իրաւարարութեան կոչածներ. «մեզ կառավարողները ոչինչ ըրին եւ ոչինչ կ’ընեն այսօր ալ, առաջքը առնելու համար այս վայրագութեանց կրկնութեան: Չեմ գիտեր ո՞ր դիւանագիտական տխմարութիւնները կը ստիպեն խնայել Սուլթանին» (ընդգծ. Յ.Պ.): Այսօր ալ կը խօսուի նոր Սուլթանի մասին, բայց հետեւելով աւանդութեան, ձեռնածալ նստած կը դիտեն եւ կը խօսին: Դիւանագիտութիւն՝ զոր այնքա՜ն դիպուկ կերպով բնորոշած է Ժորժ Քլեմանսօ որպէս տխմարութիւն:

            Այս է անթաքոյց իրականութիւնը: Գիտենք, բայց կը շարունակենք մէկը կամ միւսը դարպասել: Այնքա՜ն միամիտ ենք հաւատալու, որ մեր իրաւազրկումները սրբագրելու համար քաղաքակիրթ մարդիկ յանձն պիտի առնեն իրենց ձեռքը պաղ ջուրէն հանելով տաք ջուրը դնել: Եթէ տալիք ունենայինք, ինչպէս արմտքի անծայրածիր դաշտեր, նաւթահանքեր, ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող աշխարհագրութիւն, եւ այդ տեսակ բաներ, դաշնակիցներ կ’ունենայինք, եւ չունինք, իսկ նախայարձակը եւ բռնագրաւողը, օրէնք եւ բարոյական չյարգողը՝ ունի: Այս ըմբռնումով պէտք է վերանայիլ մեր փոխադարձութիւն չունեցող յարգանքը, հաւատարմութիւնը, ծառայասիրութիւնը:

            Մեր արտայայտութիւններուն, միակողմանի բարեկամութիւններուն կրնա՞նք նոր որակ տալ, ինչպէս Վիքթոր Հիւկօ ըսած է այլ հարցերու պարագային, որ «Կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին»:

Հայ ջարդած են անցեալին, հայ կը ջարդեն այսօր, հայ ջարդելու սպառնալիք կայ օդին մէջ, հայու ինքնութեան հետքեր կ’ոչնչացնեն… Մեծ ժողովներու մէջ, դիւանագիտական ճապկումներով կը խօսին մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութեան, մարդու իրաւունքի, ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի, վտանգուած լեզուներու եւ կոթողներու պաշտպանութեան եւ այլ հոգեպարար արժէքներու մասին, ոչինչ կ’ելլէ խօսքերու գդակին տակէն:

            Words, words… Բառեր, բառեր: Յիշե՛լ Շէքսփիրը…

            Հարցում մեզի, ո՛չ ուրիշներու: Եթէ փոխանակ անհատնում բառերով զիրար գնդակոծելու, մեր ունեցածը քիչը մասնիկ առ մասնիկ գումարելով ռւժ ըլլայինք, մեր հարցերուն լուծումը դուրսէն չէինք սպասեր, կ’ունենայինք գործակից եւ մեզ լսող:

            Եւ կ’ունենայինք, մեր միջոցներով, ուրիշներու հաւասար ազատութեան, բարեկեցութեան եւ յառաջդիմութեան երաշխիքներ, առանց սպասելու Ժան Ժոռէսի եւ ուրիշներու բարիկամեցողութիւնը:

            Ուրիշ բան կարելի՞ է ըսել, երբ կը դիտենք Հայաստանը եւ անզօրութեամբ ինքզինք թափահարող սփիւռքը:

            Ժամանակը չէ՞ հասած տեղ մը այլեւս Վիքթոր Հիւկոյի ըսած «կարմիր գլխարկը» դնելու: Վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ: