Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Յայտնուած Արցախի Տարածքները Բռնագրաւուած Կը Համարուին. ԱՀ ԱԺ

Հայաստան

Մարտ 1-ին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին միաձայն ընդունուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

— 1991թ. Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան անկախութիւնը հռչակուած է ԽՍՀՄ օրենսդրութեան եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն վրայ,

— Արցախի Հանրապետութիւնը 1992-1994թթ. ետ մղած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սանձազերծած յարձակումը՝ ուղեկցուած միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բազմաթիւ խախտումներով,

— Արցախի Հանրապետութիւնը, իբրեւ հակամարտութեան կողմ, տարբեր ձեւաչափերով մասնակցած է 1992-2020թթ. ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն՝ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպատակով,

— Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, խախտելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եւ համանախագահ պետութիւններու առջեւ ստանձնած ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն հրաժարելու պարտաւորութիւնը, 2020թ. Սեպտեմբեր 27-ին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ ձեռնարկած է Արցախի Հանրապետութեան դէմ, որուն զոհ գացած են հազարաւոր մեր հայրենակիցներ՝ ինչպէս խաղաղ բնակչութեան մէջ, այնպէս ալ Պաշտպանութեան բանակի շարքերէն, միտումնաւոր ոչնչացուած են Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու մշակութային ժառանգութիւնը:

Հիմք ընդունելով վերը նշուած իրողութիւնները՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը կը յայտարարէ.

— Մինչ այս պահը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքները կը համարուին բռնագրաւուած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ,

— Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի իրականացուցած յարձակումը եւ նշուած տարածքներու բռնագրաւումը որեւէ իրաւական ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակի ու սահմաններու գործընթացին մէջ: