ՀՀ Վարչապետն ու Կառավարութիւնը Այլեւս Ի Վիճակի Չեն Ընդունելու Համարժէք Որոշումներ. ԶՈՒ ԳՇ Ղեկավարութիւնը Փաշինեանի Հրաժարականը Կը Պահանջէ

Հայաստան

ՀՀ Գլխաւոր շտաբի ղեկավարութիւնը՝ Օննիկ Գասպարեան եւ բոլոր բաժանմունքներու հրամանատարները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ։ Անոնք կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Յայտարարութիւնը հրապարակած է ԶՈՒ ԳՇ տեղեկատւութեան բաժնի պետ Սամուէլ Ասատրեան:

ՀՀ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈւԺԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇՏԱԲԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբն իր վճռական բողոքը կ՝արտայայտէ անհեռատես եւ չհիմնաւորուած պատճառներով ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի 1-ին տեղակալը պաշտօնէն հեռացնելուն առնչութեամբ, որ իրականացուած է առանց Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային եւ պետական շահերը հաշուի առնելու՝ հիմնուելով միայն անձնական եւ հաւակնոտ զգացմունքներու վրայ: Երկրի համար, այսպիսի ծանր պայմաններուն, նման որոշումը հակապետական եւ անպատասխանատու քայլ է:

ՀՀ վարչապետը եւ կառավարութիւնը այլեւս ի վիճակի չեն ընդունելու համարժէք որոշումներ՝ հայ ժողովուրդի համար այս ճգնաժամային եւ ճակատագրական իրավիճակին մէջ:

ՀՀ զինուած ուժերը երկար ժամանակ համբերատար կերպով կը հանդուրժէր գործող իշխանութեան կողմէ զինուած ուժերը վարկաբեկելուն ուղղուած «գրոհները», սակայն ամէն ինչ ունի իր սահմանները:

ՀՀ զինուած ուժերը պատուով կատարած է իր պարտքը, իր ժողովուրդին հետ  ուս ուսի մարտնչած թշնամիի դէմ:

Գործող իշխանութիւններու անարդիւնաւէտ կառավարումը եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ցուցաբերած լրջագոյն սխալները երկիրը հասցուցած են կործանման եզրին:

Ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով՝ ՀՀ զինուած ուժերը կը պահանջեն ՀՀ վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը, միաժամանակ կը նախազգուշացնեն՝ ձեռնպահ մնալ ժողովուրդի դէմ ուժ կիրառելէ, որուն զաւակները զոհուած են՝ պաշտպանելով Հայրենիքն ու Արցախը:

Բանակը միշտ եղած է ժողովուրդին հետ, ինչպէս ժողովուրդն է բանակին հետ:

Յայտարարութիւնը ստորագրած են.

ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Վիկտորի Գասպարեան

ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար-հրամանատար Տիրան Վազգենի Խաչատրեան

ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ, զօրավար-հրամանատար Ստեփան Ռոպերթի Գալստեան

ԶՈՒ ԳՇ օպերատիվ գլխաւոր վարչութեան պետ-ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ, զօրավար-հրամանատար Կարէն Անդրանիկի Աբրահամեան

Զօրքերու (ուժերու) միացեալ խմբաւորման հրամանատար, զօրավար-հրամանատար Տիգրան Ջանիբեկի Փարւանեան

եւ ԶՈՒ բոլոր բաժանմունքներու ղեկավարները։