
Կո՛չ Կ՝ընենք ՀՀ Բոլոր Քաղաքացիներուն Այս Վարչախումբի Սադրանքներուն Չտրուիլ. Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Յայտարարութիւնը
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը կ՝ողջունէ ՀՀ ԶՈՒ բարձրագոյն հրամանատարական կազմին յայտարարութիւնը, այնտեղ արձանագրուած բոլոր հաստատումները եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մեր երկրի միակ ու անշահախնդիր երաշխաւոր մեր Զինուած Ուժերուն։ Այլեւս աւելորդ կը համարենք կրկնել այս իշխանութիւններու եւ վարչապետի պաշտօնը զբաղցնողի ազգակործան գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին գնահատականներ տալը։ Փաշինեանը, կառչելով փրփուրներէ, այժմ կը փորձէ մեր ժողովուրդը դրդել քաղաքացիական բախումներու եւ արիւնահեղութեան։ Կո՛չ կ՝ընենք Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն չտրուիլ այս վարչախումբի սադրանքներուն, պահպանել զսպուածութիւն, սառնասրտութիւն ու համախմբուիլ մեր երկրի անվտանգութեան, միասնականութեան միակ երաշխաւոր ՀՀ Զինուած Ուժերու եւ Հայոց Բանակի հրամանատարական բարձրագոյն կազմին շուրջ։ Կո՛չ կ՝ընենք մեր Ժողովուրդին, Հայրենիքի փրկութեան համար մտահոգ բոլոր քաղաքացիներուն, այսօր՝ ժամը 15։00-ին հաւաքուելու Ազատութեան հրապարակ մեր զօրակցութիւնը յայտնելու մեր Զինուած Ուժերուն, մեր Հայոց Բանակին ու աւարտին հասցնելու հայրենադաւ կառավարութեան ու Փաշինեանի հեռացման գործը։
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
25․02․2021 թ․