Արցախի Ժողովուրդը Բանակի Թիկունքին է

Հայաստան

Այսօր՝ Փետրուար 25-ին, խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է ՀՅԴ Ստեփանակերտի Նիկոլ Դուման կեդրոնին մէջ ԱՀ ԱԺ խորհրդարանական երեք ուժերու՝ Արցախի ժողովրդավարական, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւններուն միջեւ:

Կարեւոր համարուած է ՀՀ-ի մէջ ստեղծուած իրավիճակին Արցախի անվտանգութեան հարցը, յատկապէս, սահմանագիծին վրայ զգոնութիւնն ու հնարաւոր սադրանքներէն խուսափումը: Այս հարցին շուրջ քննարկումներուն հրաւիրուած եւ մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը:

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հաւաստիացուցած են, որ ինչպէս միշտ Արցախի ժողովուրդը բանակի թիկունքին պիտի ըլլայ եւ պիտի չի հանդուրժէ բանակի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն: Բանակին նուիրուածութիւնը մեր Հայրենիքի պաշտպանութեան կասկածի տակ առնելը անհանդուրժելի է: