Իտալական Վերոնան Արցախը Ճանչնալու Կոչ Ըրած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Իտալական Վերոնայի քաղաքային խորհուրդը միաձայն իր համերաշխութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան եւ ընդունուած որոշոմով՝ կոչ ըրած քաղաքապետին՝ իտալական կառոյցներէն պահանջելու ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը:

«Անցնող ամիսներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութիւնը զոհ դարձած էր սարսափելի զինուած հակամարտութեան, որ կ՝իրականացուէր Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ՝ թրքական բանակի եւ իսլամիստ վարձկաններու աջակցութեամբ»,- նշած է քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած նախագիծը առաջինը ստորագրած Ալպերթօ Զէլկերը՝ ընդգծելով, որ եկած է ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կեանքի կոչելու ժամանակը:

Նախագիծով նաեւ կ՝առաջարկուի Վենեդոյի շրջանին մէջ ներկայացնել նախագիծեր, որոնք պիտի արտօնեն աւելի մանրամասն, անգամ կրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ ու դպրոցներու ներգրաւումով, ուսումնասիրել հայ ժողովուրդի հետ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:

Նախաձեռնութիւնը ստորագրած են քաղաքապետի խորհրդականներ Ալպերթօ Զէլկերը (առաջին ստորագրող), Վիդօ Գոմենսինին, Մարիա Ֆիորէ Ադամին, Լաուրա Պոգգին, Փաօլա Պրեսանը, Մադէօ Տէ Մարզին, Դանիէլա Տրուտին, Ալեսանտրօ Կենարին, Աննա Կրասին, Ճանմարգօ Փատովանին, Ռոզարիօ Ռուսոն, Ռոպերթօ Սիմէոնին եւ Անտրէա Վելարտին։