Կ՝ակնկալենք, որ Այս Անգամ Հայաստանը Ճիշդ Պիտի Վարուի եւ Մաս Պիտի Կազմէ Խաղաղութեան Գործընթացին. Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ նախօրէին ընդունած է Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Անոր դիտարկումով՝  2020 Սեպտեմբեր 28-ին, յաջակցութիւն Ազրպէյճանի Թուրքիոյ խորհրդարանի չորս կուսակցութիւններու կողմէ հրապարակուած «Հայաստանի յարձակումներու դատապարտման մասին» համատեղ հռչակագիրը եւ Դեկտեմբեր 10-ին Պաքուի մէջ կայացած զօրահանդէսին թուրք զինուորականներու մասնակցութիւնը ցոյց կու տան թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու «բարձր մակարդակը»:

Շենթոփ յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ Թուրքիոյ տեսլականն է՝ ձեւաւորել կայունութիւն, ընդհանուր անվտանգութիւն եւ համագործակցութեան դաշտ, որ հիմնուած պիտի ըլլայ տարածաշրջանի յանձնառութեան վրայ:

Անոր խօսքով՝ Թուրքիան կ՝աջակցի Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ տարածաշրջանային բազմակողմ համագործակցութեան յարթակ ձեւաւորելու առաջարկին:

Չխորշելով Հայաստանի նկատմամբ ունեցած մաղձի արտայայտումէն՝ Շենթոփ յայտնած է, որ Թուրքիան կ՝ակնկալէ, որ Հայաստանը այս անգամ «ճիշդ քայլ կատարելով՝ մաս պիտի կազմէ խաղաղութեան գործընթացին»:

«Ոչ ոք պէտք է կասկած ունենայ, որ բարեխիղճ եւ անկեղծ վերաբերմունքի պարագային Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուելիք դրական քայլերուն մենք նոյն ըմբռնումով պիտի արձագանգենք»,- ըսած է ան: