Վրաստանի Վարչապետը Հրաժարական Ներկայացուցած Է

Աշխարհ

Վրաստանի վարչապետ Գիորգիի Գախարիան կը հեռանայ պաշտօնէն՝ աշխատակազմի հետ ունեցած տարաձայնութիւններու պատճառով։ Այս մասին, ըստ Akhaltskha.net-ի, այսօր յայտարարած է վարչապետը։

Գախարիան արդար չի համարեր Նիգա Մելիան ձերբակալելը այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ երկիրը քաղաքական սրացման վտանգի տակ է: Ըստ անոր, իր պաշտօնանկութեան պատճառը այն է, որ ան չէ կրցած համաձայնութեան գալ աշխատակազմին հետ:

«Ես չկրցայ իմ աշխատակազմի հետ ընդհանուր կարծիքի հասնիլ այս հարցին վերաբերեալ, ուստի որոշեցի հրաժարական տալ: Ես կ՝ուզեմ հաւատալ, որ այս քայլը պիտի օգնէ նուազեցնելու բեւեռացումը մեր երկրի քաղաքական դաշտին մէջ, քանզի համոզուած եմ, որ բեւեռացումը եւ առճակատումը մեր երկրի ապագայի ամենամեծ վտանգն է»,- յայտարարած է Գախարիան:

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Իրագլի Ղարիպաշվիլին «Վրացական երազանք»-ի կողմէն կ՝առաջադրուի իբրեւ վարչապետի թեկնածու: