Էրտողանն ու Փութինը Քննարկած են Արցախի Պատերզմէն Ետք Ստեղծուած Իրավիճակը

Աշխարհ, Հայաստան


Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած են Թուրքիոյ նախագահականի հանրային կապերու վարչութենէն:

Հեռախօսազրոյցին ընթացքին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ղեկավարները քննարկած են տարածաշրջանային շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնք պիտի զարգացնեն երկկողմ յարաբերութիւնները:

Էրտողան նշած է, որ թուրք եւ ռուս մասնագէտները կրնան հանդիպիլ իրենց ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ` որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի ճանապարհային եւ երկաթուղային հաղորդակցման ուղիները, որոնց վերակառուցման աշխատանքները կ՝ընթանան Յունուար 11-ի համաձայնագիրէն ետք:

Թուրքիոյ նախագահը՝ անդրադառնալով Աղդամի մէջ հիմնուած ռուս-թրքական մշտադիտարկման կեդրոնի գործունէութեան, նշած է, որ անիկա «բարէյաջող կերպով կ՝իրականացնէ հրադադարի վերահսկումը»:

Էրտողան պնդած է, որ հրադադարի պահպանման համար պէտք է բոլոր հարցերուն մէջ համատեղ ջանքեր գործադրել: