Թապիպեաններու 35,000 Տոլար Նուէրով Նորոգուեցաւ Ծովինար Գիւղի Դպրոցը

Հայաստան, Սփիւռք

Քալիֆորնիայէն տոքթ.Նշան Թապիպեանի եւ անոր զաւակին՝ տոքթ. Յակոբ Թապիպեանի կողմէ կատարուած 35,000 տոլարի նուիրատւութեամբ՝ կարելի եղած է նորոգել Հայաստանի Գեղարքունիք մարզի Ծովինար գիւղին մէջ գործող Քրիստոնէական դաստիրակութեան դպրոցը, ուր առաւել քան 100 աշակերտներ ամէնօրեայ դասաւանդումներու կը հետեւին հայր Գէորգ Տէր Բասէղեանի առաջնորդութեամբ։

Դպրոցին եւ անոր խաղավայրին բարեկարգումին նիւթապէս աջակցած են նաեւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ ծուխի անդամները։

Թապիպեաններու աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է ամբողջութեամբ ներկել պատերը եւ նորոգել յատակը եւ պատերը, ինչպէս նաեւ պատուհանները եւ ելեկտրական ցանցը, որմէ ետք դպրոցին յատկացուած են գրասեղաններ, աթոռներ, համակարգիչներ, գրադարաններ եւ այլ անհրաժեշտ առարկաներ։

0216Tsovinar