«Բագին»ի Նոր Թիւը Նուիրած Է Պէյրութին

Սփիւռք

Լոյս տեսաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Բագին» Գրական պարբերաթերթի 2020-3 թիւը, որ նուիրած է Պէյրութին։

Ստորեւ՝ անոր խմբագրականը.

Պէյրութ։

Անուն մը, շարք մը այլ քաղաքներու անուններու կողքին, որուն կապուեցաւ աւազներէն չես գիտեր ինչ հրաշքով փրկուած ճակատագիրը մեր ժողովուրդին, ուր մոխիրներէն ծնանք կրկին իբրեւ հայութիւն, իբրեւ հայախօս հաւաքականութիւն, հայրենիքի երազը մեր աչքերուն։ Ակնարկ մը միայն Վահէ Թաշճեանի այս թիւին մէջ լոյս տեսնող յօդուածին եւ անոր ընկերակցող նկարներուն բաւարար է համոզուելու, որ հարիւր տարի առաջուան քէմփերէն վերստին ոտքի կանգնած հայութիւնը հրաշքի համազօր փորձառութենէ մը անցած է։ Դժուար է այսօր պատկերացնել նաւերէն կամ աւազներէն հասած ու մահէն հազիւ թէ ճողոպրած, ամէն բան կորսնցուցած մարդոց յուսալքութեան ծայրագոյն վիճակը։ Թէ ինչպէս տասնեակ հազարներով այդ ամբոխը ձեւ առաւ, լեզու գտաւ ու հաւաքականութիւն դարձաւ կրկին, ահաւասիկ հրաշքը։ Պէտք էր փրկել երկրին երազը։

Մրջիւններու պէս կարծես ուժերը հաւաքուեցան, քսակները բացուեցան ու կամաց-կամաց, հաւաքաբար, հայութիւնը կրկին ծնաւ հիւրընկալող երկիրներու քաղաքներուն ու աւաններուն մէջ։ Գաղութները իրար կապուեցան հայակերտումի ընդհանուր ու հասարակաց տեսլականով մը։ Կարծես ամէն մարդ ինքնաբերաբար գիտէր, թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր ու ինչ գործ կար ըլլալիք։ Եւ իսկապէս մէկ-երկու սերունդէն ոչ միայն գաղթականութեան թշուառ օրերը ամբողջովին անհետացած էին արդէն, այլ հայութեան նոր որակ մը ստեղծուած էր, կատարելապէս հայախօս ու բազմալեզու, պատրաստ ստեղծելու նոր գրականութիւն ու մշակոյթ։ Պատրաստ՝ նաեւ դառնալու պահանջատէր։ Նոր որակի հայութեան մը երազը շօշափելի կը դառնար այստեղ հաւաքուած մարդուժով ու քաղաքին ընձեռած կարելիութիւններով։ Ահաւասիկ այս էր Պէյրութը որպէս տեսլական, որ կ՛երկարէր մինչեւ Հալէպ, Պաղտատ ու Թեհրան, ու իր յիշողութեան մէջ կը կրէր նաեւ Եգիպտոսն ու Պոլիսը, եւ որ իր ազդեցութիւնը կը շարունակէ զգացնել մինչեւ այսօր աշխարհի զանազան կողմերը հասած հայութեան բեկորներով՝ մինչեւ Հայաստան։

Պէյրութը նաեւ փողոցներն են՝ քաղաքէն մինչեւ Պուրճ Համուտ ու Լեռնալիբանանի լանջին փռուած արուարձանները, մինչեւ Այնճար, իր խանութներով, վաճառականներով, արհեստանոցներով, ակումբներով, դպրոցներով, եկեղեցիներով…։ Պէյրութը կեանքն է, որ հարիւր տարի է կը ճառագայթէ վիրաւոր հայութեան արցունքով ու լոյսով։ Բայց մանաւանդ յոյսով։ Կը ճառագայթէ մինչեւ հայրենիք։

Օգոստոսի Պէյրութի չարաղէտ պայթումին հետքերով, որոշեցինք Բագինի այս թիւին կարեւոր բաժին մը նուիրել Պէյրութին։

0216pakin