Միասնաբար Դուրս Գանք Խոր Թմբիրէն. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

«Բազմութիւնը, որ միասնաբար գործելու մղուած չէ, խառնաշփոթութիւն է։ Այն միասնութիւնը, որուն արմատը բազմութեան մէջ չէ, բռնակալութիւն է»:
Պլէզ Փասքալ (1623-1662, ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ բնագէտ)

Մահաքուն բառը հաւանաբար պատշաճ է, բնորոշելու համար Հայաստանի քաղաքական կեանքի ներկայ իրավիճակը:

Օրուան սովորութեան մաս կը կազմեն փոխադարձ ցեխարձակումները, բիւզանդական վէճերը, զրպարտութեանց փոխանակումը եւ մասամբ նորին: Տեսանելի է խառնիճաղանճ մը, ուր եթէ «հիներ»-ը կառչած են հնութեան, ապա «նորեր»-ն ալ ցոյց տուած են իրենց իսկական՝ գորշ գոյնը եւ նոյնքան հինցած են, որքան իրենց նախորդները:

Յանցաւոր մը գտնելով եւ շինծու մեղաւոր մը պարսաւելով՝ մթնոլորտը յարատեւօրէն տաք կը մնայ Հայաստանի քաղաքական բեմահարթակին վրայ:

Ղեկավարութիւնը կարծէք մոռցած է, որ քանի մը ամիս առաջ, մեր նորագոյն պատմութեան սեւ եւ անբարեյոյս էջերէն մէկը արձանագրուած էր Արցախի մէջ «կերտուած» ծանր պարտութեամբ: Անշուշտ, վարչապետին անյապաղ հրաժարման պահանջն ալ կարելի եղած էր «մեկուսացնել» եւ զանազան սուտ ու շինծու բացատրութիւններով հայորդին համոզել, թէ այլընտրանք չկար, թէ՝ «հիներ»-ու սարքած թակարդով, «նորեր»-ը ստիպողաբար ինկած էին այս կացութեան մէջ եւ ստորագրած՝ Նոյեմբեր 9- ի ամօթալի համաձայնագիրը:

Արդի «հիներ»-ուն, այսինքն հինցած «նորեր»-ուն վերջին նորութիւնը այն է, թէ պահը յարմար չէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու, որովհետեւ «ընդդիմադիր ճակատը յարմար չէ նկատած»: Եթէ ժողովուրդին յիշողութիւնը միայն մէկ քանի օրուան երկարութիւն չունի, ան դժուար թէ մոլորի նման բացատրութեամբ, չըսելու համար յերիւրանքով. եղելութիւնն այն է, որ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն կազմող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը (աւելի պարզ խօսքով՝ նոյնինքն վարչապետ Փաշինեան) որոշած է արտահերթ ընտրութիւններ չկազմակերպել, պատճառաբանելով, որ համեմատաբար փոքրաթիւ քուէ ունեցող «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները դէմ արտայայտուած են ընտրութեան գաղափարին: Յուշաթափութենէ չտառապողներ պիտի յիշեն, որ դեռ քանի մը օր առաջ, վարչապետն ու իր զօրակայանը մեծ ախորժակով բարձրացուցած էին կանխահաս ընտրութիւններու դրօշը, իսկ խորհրդարանական ընդդիմադիրներուն ըսածը այն էր, որ այս վարչապետին օրով չեն կրնար պատկերացնել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է խորհրդարանական ընտրութիւն կատարել, հետեւաբար, նախապայման դրած էին անոր հրաժարականը: Բնականաբար, այս եռուզեռին մէջ, ոչ-խորհրդարանական ընդդիմադիրները, համախմբուած՝ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»-ին մէջ, անընդունելի եւ անհանդուրժելի՝ «փերսոնա նոն կրաթա» վիճակին մէջ կը գտնուին, իսկ անդին, նոր խմբաւորումներ հրապարակ կու գան՝ իբրեւ իշխանութեան ընդդիմադիրներ…

Իշխանաւորներուն այսպիսի անհասկնալի պատճառաբանութիւնը կամ տրամաբանութիւնը կրնայ պահ մը տարաբնոյթ հարցադրումներու եւ եզրակացութիւններու դուռ բանալ, մինչդեռ պարզ իրականութիւնը այն է, որ «Իմ քայլը» ունի այնքան քուէ, որ բաւարար է վարչապետին բոլոր ուզածները կատարելու, օրինակի համար, այսօր պահանջելու, որ կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպուին, մինչեւ իսկ եթէ ընդդիմադիրները տարբեր կարծիք ու մօտեցում ունին, իսկ վաղը յայտարարելու, որ ընտրութեան պէտք չկայ, մինչեւ իսկ եթէ բոլոր ընդդիմադիրները, ազգի մեծամասնութիւնը ըսէ, թէ վարչապետը պէտք է հրաժարի եւ իշխանափոխութիւնը պէտք է ընթանայ խաղաղ պայմաններու մէջ, օրէնքի ճամբով:

«Իմ քայլական» ղեկավարութիւնը իսկապէս գլխապտոյտ կը պատճառէ իր անհիմն ու անհեթեթ «նոր ազատական» (նէօ-լիպերալ) մօտեցումներով, ուր ժողովրդավարութիւնը փոխարինուած է ժողովրդականութեամբ, իսկ ժողովրդականութիւնն ալ՝ ամբոխահաճութեամբ:

Օրերը կը թաւալին, հետզհետէ աւելի ճնշիչ կը դառնայ կացութիւնը մեր հայրենիքին մէջ: Ստեղծուած են, կարծէք, իրարու հետ կապ չունեցող՝ զուգահեռ զարգացումներ, ուր իշխանութիւնը կը փորձէ գործել այնպիսի տրամաբանութեամբ, որ կարծէք թէ ամէն բան բնականոն է, շարադրած է իր առաջնահերթութիւնները, մինչդեռ գետնի վրայ կան բազմերես տագնապներ, սկսելով ապահովականէն ու հասնելով ընկերային-տնտեսականին. ալ չխօսինք հողի կորուստին եւ անոր հետեւանքներուն մասին…

Ժամանակն է դուրս գալու այս փակուղիէն:

Վերակառուցման եւ վերականգնումի մարտահրաւէրները վիթխարի են:

Կարելի չէ այսպէս շարունակել եւ երազել լաւ վաղուան մը մասին:

Հրամայական է ԽՈՐ ԹՄԲԻՐէն դուրս գալ: Եւ ահա հո՛ս է որ կը շեշտուի անխուսափելի միասնութեան պահանջը, այսինքն, միասնաբար պէտք է վերջ տալ մահաքուն յիշեցնող թմբիրին: