Թափանցումը Որպէս Տիրապետութեան Ուղիղ Ճանապարհ (Բ․) Վաչէ Բրուտեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խօսակից եւ թիրախ՝ միաժամանակ

Այս բաժինի սկիզբէն իսկ պէտք է հաստատել, թէ իր հիմնադրութեան սկզբնական տարիներէն իսկ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը խօսած, բանակցած է ոչ միայն համաշխարհային ուժի կեդրոններուն, այլ նաեւ մինչեւ իսկ հայութեան թշնամիներուն հետ։ Մինչեւ իսկ սուլթան Համիտ Բ.ի հետ։ Այո՛, 1896-ին, սուլթան Համիտ Բ. պատուիրակութիւն մը ղրկեց Ժընեւ, բանակցելու համար Հ.Յ. Դաշնակցութեան հետ (Տատեանի առաքելութիւնը) եւ օրին, «Դրօշակ» արձագանգած է այս իրադարձութեան։ Յաջորդած ԸնդհANWU8 ժողովը՝ նոյնպէս։

Սփիւռքի մէջ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը խօսակից եղած է ուժի համաշխարհային բոլոր կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչքան որ կարելի եղած է եւ զանազան մակարդակներու վրայ, միշտ հետամուտ ըլլալով հայութեան ու Հայաստանի հաւաքական շահերուն։ Դաշնակցութիւնը խօսակից եղած է նոյնիսկ խորհրդահայ ղեկավարութեան հետ՝ նոյն մղումէն մեկնելով։ Օրինակի համար, 1978-ի կանուխ աշնան, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, երբ հայկական թաղամասերը ապահովական լուրջ վտանգ դիմագրաւեցին, Խորհրդային Հայաստանէն մարդասիրական օժանդակութեան հասնիլը դատարկութեան մէջ (vacume) չէր, որ տեղի ունեցաւ։ Այլ՝ պարզ տրամաբանութեամբ, արդիւնք էր երկողմանի խօսակցութեան գործընթացի մը։

Երբ մեծ (կամ փոքր) պետութիւնները Հ․Յ․ Դաշնակցութեան մէջ կը տեսնէին հայութիւնը ներկայացնող լուրջ խօսակից, սա կը նշանակէ, որ զայն իրենց «հետաքրքրասիրութեան» թիրախ դարձնելը եւս իրենց օրակարգին վրայ եղած է։ Եւ տրամաբանական է։ Հակառակը անտրամաբանական պիտի ըլլար, որովհետեւ Հայաստանով ու հայութեամբ շահագրգռուած բոլոր ուժերուն համար յստակ էր Հ․Յ․ Դաշնակցութեան դերին վճռորոշ բնոյթը՝ ամէն անգամ երբ օրակարգի վրայ եկած է Հայութիւն, Հայաստանը, կամ Հայկական հարցը՝ իր ընդհանրութեան մէջ։ Այսպէս կը գործեն պետութիւնները ու արտասովոր (կամ զգայացունց) ոչինչ կայ ասոր մէջ։

Արտասովորը պիտի ըլլայ այն, եթէ Դաշնակցութիւնը գիտակից չըլլայ այս շատ պարզ իրականութեան ու ինք եւս համապատասխան քայլերը առած չըլլայ։ Սա եւս բնական երեւոյթ է։ Աւելցնեմ, որ անձնապէս Լիբանան ապրած ըլլալով, գործելով հանդերձ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի մամլոյ դիւանէն ներս (1977-85 տարիներուն), միայն 1980-ականներու վերջերուն էր որ իմացած եմ, որ Հ․Յ․Դ․ 21րդ Ընդհ. Ժողովը գումարուած է նոյնինքն… Պէյրութի մէջ, 1977-ին, հակառակ անոր, որ այդ ժողովին Լիբանանի մեր կառոյցը ներկայացնող պատուիրակութեան անդամներէն մէկ քանիին հետ մօտիկ կապեր ալ ունէի…։ Սա եւս բնական երեւոյթ է։

Կօալիցիա-Պ․Պ․Ծ․

Վերադառնանք Հայաստան։

Բոլորս ալ լաւ գիտենք, թէ 1998-ի ճիշդ այս օրերուն, Լ. Տէր Պետրոսեան հրաժար(ու)եցաւ, ազգային ուժերու իշխանութեան գալով, վարչակարգը փոխուեցաւ եւ Դաշնակցութեան դէմ 1992-էն ի վեր մղուող քաղաքական հալածանքը բնականաբար դադրեցաւ։

Ռոպերթ Քոչարեանի ընտրութեան (1998) եւ վերընտրութեան (2003) զօրակցելէ ետք, 2008-ի Փետրուարի նախագահական ընտրութիւններուն, Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը առաջադրեց նախագահութեան իր սեփական թեկնածուն՝ Վահան Յովհաննիսեանը։ Ան դժբախտաբար չկրցաւ Բ. փուլին անցնիլ, ուր «մենամարտեցան» Սերժ Սարգսեան եւ Լ. Տէր Պետրոսեան։ Յետ ընտրական լարուածութիւնը յանգեցաւ Մարտի 1-ի դէպքերուն, ուր գլխաւոր հրահրիչ-դերակատարը նոյնինքն նիկոլ փաշինեանն էր (վրիպակ չկայ, անունը փոքրատառով է), ինչպէս բացայայտօրէն վաւերագրուած է բազմաթիւ ժամերու երկարութեամբ արձանագրուած տեսաերիզներու վրայ։

Ի՞նչ եղաւ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը յետընտրական այս լարուածութեան մէջ։ Մենք փորձեցինք մեղմացնել փողոցի լարուածութիւնը, զայն բերել քաղաքական երկխօսութեան դաշտ. Դաշնակցական պատգամաւորներ անձնապէս երաշխաւորեցին ձերբակալուածներ ազատ արձակել տալու համար։ Սակայն բանականութեան մեր կոչերը լսելի չդարձան կողմերուն, մանաւանդ՝ ընտրութեան պարտուած կողմին, Լ. Տէր Պետրոսեանին կողմէ։

Դաշնակցութեան այս ճիգերը կը բխէին երկիրը անհարկի ցնցումներէ հեռու պահելու մտահոգութենէն։ Անցնող տասնամեակին, երկիրը բոլորած էր կայունութեան, տնտեսական զարգացումի եւ բանակաշինութեան փուլ մը՝ այդքան անհրաժեշտ ազդակներ նախորդ տարիներու վերիվայրումներէն եւ պատերազմական իրավիճակէն վերջ։ Մեկնելով այս մտահոգութենէն, Դաշնակցութիւնը համաձայնագիր ստորագրելով Հ․Հ․Կ․-ին հետ, մաս կազմեց Սերժ Սարգսեանի կառավարութեան (2008)։ Քոչարեանէն վերջ, երկրորդ անգամ ըլլալով, նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ, համախոհական (կօալիցիոն) կառավարութիւն մը կը տեղծուէր գրաւոր համաձայնագրի մը հիման վրայ եւ հայկական քաղաքական մշակոյթը կ՚օժտուէր հասունացում ենթադրող նոր տարրով մը։ Սակայն Քոչարեանի վերջին եւ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան առաջին տարիներուն, հայեւթուրք յարաբերութիւններուն դաշտին մէջ արձանագրուած էին այնպիս զարգացումներ, որոնք Դաշնակցութիւնը մղեցին վճռական դիրք ճշդելու ատոնց դէմ։ Առաջինը հայեւթուրք այսպէս ասած «հաշտեցման» ճիգերն էին, մաքսանենգութեան ոճով, իսկ երկրորդը՝ Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլները, 2009ի աշնան, «մեծերու» դայեակութեամբ (Հիլըրի Քլինթըն եւ Սերգէյ Լաւրով)։

Երկուքն ալ ձախողութեան մատնուեցան առաւելաբար Հ․Յ․ Դաշնակցութեան ճիգերով, որոնք ներառեցին նաե՚ւ Սփիւռքը։
Դաշնակցութիւնը նաեւ չվարանեցաւ դուռը «շրխկացնելով» դուրս գալու համախոհական կառավարութենէն։ «Մեծերու» մայրաքաղաքներուն մէջ, տեղ մը, արձանագրուեցաւ այն փաստը, որ Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս կրցած էր խափանել թէ՛ Արեւմուտքին, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ռուսիոյ էապէս հայավնաս ճիգերը։ Եւ ընդհանրապէս նման արարքներ չեն «ներուիր»։ Այս պարագային՝ նաե՛ւ սեփական երկրի իշխանութեան կողմէ… Իսկ Դաշնակցութիւնը գիտէ՞ր, որ կրնար գին մը վճարել «հաշտեցման», կամ փրոթոքոլներուն դէմ իր ճշդած ազգանպաստ կեցուածքին համար։ Պատասխանը պարզ է. անշո՛ւշտ։ Բայց ընտրեց այդ ուղին, շատ լաւ գիտնալով, որ ի վերջոյ իր այդ կեցուածքին մեծագոյն շահառուները պիտի ըլլան հայրենիքը եւ ազգը։

Այդ գինը նախ «վճարուեցաւ» 2012-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն, երբ գրեթէ կէսի իջաւ Դաշնակցութեան ունեցած պատգամաւորներուն թիւը։

Ապա, «վճարուեցաւ» քարոզչական բնագաւառէն ներս, երբ տեղի ունեցաւ Պ․Պ․Ծ․ շէնքին գրաւումը, 2016-ի Յուլիսին, «Սասնայ ծռեր» կոչուած կազմակերպութեան կողմէ։ Իշխանութեան ընդդիմադիր արտաքին եւ ներքին ուժերը իրենց ամբողջ քարոզչական միջոցները, ընկերային ցանցերով հանդերձ, ուղղեցին թէ՛ Սերժ Սարգսեանի վարչակազմին եւ թէ՛ զուգահեռաբար՝ Դաշնակցութեան դէմ։

Այս քարզչութիւնը թիրախ ընտրեց Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, նաե՛ւ այն պատճառով, որ վերջինը Պ․Պ․Ծ․-ի շէնքին գրաւումը կը համարէր հարուած սեփական պետութեան դէմ, իբրեւ զայն անկայունութեան տանող արարք։ Ընկերային ցանցերու վրայ դաշնակցական անհատներ եւս համոզելու ճիգը կ՚ընթանար հետեւեալ տրամաբանութեամբ (բառացի օրինակով)՝ «Պանք Օթոմանը գրաւած Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ դէմ ըլլալ Պ․Պ․Ծ․-ի շէնքին գրաւումին»։ Այս անմիտները չէին տրամաբաներ, որ Պանք Օթոմանի արարքը ուղղուած էր… թշնամի՛ եւ ոչ թէ սեփական պետութեան դէմ։

Բայց Հայաստանի մէջ ընկերային ցանցերը սկսած էին գործելու իրենց աւերը եւ տրամաբանութիւնը այլեւս սկսած էր «անտրամաբանական» համարուիլ։ Ստեղծուած էր կեղծ կարծիքներու եւ կեղծ ազատականութեան այնպիսի ժխոր մը, ուր այլեւս չէին լսուեր տրամաբանութեան եւ ողջմտութեան ձայները (նոյնիսկ հիմա, երբ Արցախի գրեթէ 80 տոկոսը կորսնցուցած ենք ապիկար իշխանութեան մը պատճառով)։ Ու այդ ալիքը որոշ չափով թափանցեց Հ․Յ․ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքէն ներս եւս, Երեւանէն Լոս Անճելըս, քիչ մը ամէն տեղ։ «Չէ՞ որ Պանք Օթոման…»-ի խաղաքարտը ինչքան ալ անհիմն էր ու անտրամաբանական, այսուհանդերձ իր աւերը գործեց։

Այլանդակութիւնը հասած էր այն աստիճանի, երբ իրենք զիրենք «քաղաքացիական հասարակութեան» ջատագով համարողներ (օրինակ-անունները չեմ ուզեր տալ, այդ պատիւը չտալու համար իրենց), սեփական փառամոլութենէն մղուած, սկսան բացէ ի բաց ջատագովելու սեփական պետութեան դէմ գործուած այս բռնարարքը, որուն զոհ գացին դժբախտաբար նաեւ երեք հայ համազգեստաւոր սպաներ։ Տուեալ «սելեպրիթիները» կամ «քաղաքագէտները» կը մոռնային, որ քաղաքացիական հասարակութիւն յղացքը ամէն բանէ առաջ կը յենի օրէնքի՛ ուժին, օրինականութի՚ւնը պաշտպանելու գաղափարին, այլ ոչ թէ բռնարարքներու եւ արիւնայեղութեան վրայ։

Կօալիցիայէն կեղծ թաւիշ

Երկրի քաղաքական դաշտը նեխումէ փրկելու նպատակով, առաջ մղուեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու օրակարգը, կառավարման դրութիւնը նախագահականէն խորհրդարանականի վերածելու հիմնական գաղափարով։

Այս մէկը քաղաքական լուրջ բարեկարգում կ՚ենթադրէր ամբողջ պետութեան համար եւ հետեւաբար նաեւ՝ նոր կառավարութեան անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծուէր։ Այս կառավարութեան կազմելու առաջարկը ընդունեց Դաշնակցութիւնը՝ ամիսներ, գրեթէ տարի մը տեւած բանակցութիւններէ վերջ։ Ստորագրուեցաւ նոր համաձայնագիր, յստակօրէն նշելով թիրախները եւ պայմանները, որոնք կոչուած էին թարմացնելու, բիւրեղացնելու եւ ուժեղացնելու ամբողջ պետական համակարգը։ Պատերազմող երկրի մը համար անհրաժեշտ էին այս բարեկարգումները, որպէսզի կարենար դիմագրաւել-սրբագրել թէ՛ ներքին ընկերային-տնտեսական յոռի ընթացքը, եւ թէ՛ արտաքին ճնշումներն ու մարտահրաւէրները։ Բայց մանաւա՛նդ, դիւանագիտական-քաղաքական եւ ապահովական գետնի վրայ, ամրապնդելու համար երկրի հողային ամբողջականութիւնը։

Զուգահեռ, վերսկսաւ քարոզչական արշաւը թէ՛ նոր կառավարութեան եւ թէ՛ զուգահեռաբար Դաշնակցութեան դէմ։ Չկրկնենք քարոզչական թեզերը։

Ընկերային ցանցերու թէ մամուլին մէջ թափ առած քարոզչութիւնը գլեց անցաւ ամէն աշխարհագրական ու գաղափարական սահման։ Հարուածները ուղղուեցան ՀՅԴ պատասխանատու անհատներու դէմ, Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս, փորձելով 1920ականներու Չեկայի ոճով վարկաբեկելու Դաշնակցութիւնը, իբրեւ գլխաւոր զօրակիցը այս բարեկարգչական շարժումին։
Հակադաշնակցական այս արշաւը նոր թափ առաւ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» կոչուած շարժումին ընթացքին ու անկէ վերջ, հետեւեալ ներքին տրամաբանութեամբ.- Այս շարժումին տիրութիւն ըրին արտաքին ուժեր, իրենց օրակարգը պարտադրելու համար մեր երկրին։ Իսկ ո՞վ կրնար դիմադրել արտաքին միջամտութիւններուն՝ պատասխանը պարզ է, Դաշնակցութիւնը։ Հետեւաբար, պայքարը պէտք էր սաստկացնել նաե՛ւ Դաշնակցութեան դէմ, որպէսզի չկարենար դիմադրել արտաքին խաղացողներու կամքին։

Ինչպէս «թաւշեայ» շարժումին իբրեւ խաղաքարտ օգտագործուեցաւ մարդոց շար յաճախ արդար դժգոհութիւնները իշխող վարչակազմէն, այնպէս ալ մարդիկ փորձեցին Դաշնակցութեան մէջ գտնել տարրեր, որոնք կրնային ինչ ինչ պատճառներով դժգոհ ըլլալ ղեկավար մարմիններէն, անկախ անկէ թէ արդա՞ր էին իրենց դժգոհութիւնները, թէ անարդար։

Հիմա, այս օրերուն, երբ մեր երկրի պետականութիւնը արեւին տակ դրուած կարագի նման կը հալի մեր բոլորին աչքերուն դիմաց, Դաշնակցութիւնը լծուած է այդ պետականութիւնը փրկելու ծանր գործին։ Այսօր, ոչ միայն մեր երկրին դարպասները բացուած են համաթուրանականութեան դիմաց, այլեւ լուրջ մտավախութիւններ կան, որ Հ․Հ․ ներկայ իշխանութիւնները տակաւին չեն ամբողջացուցած իրենց այն սեւ գործը, որուն հլու հնազանդ կամակատարները դարձած են. այսինքն՝ անհաւանական չէ, որ Թուրքիոյ հետ «բարի-դրացիական» յարաբերութիւններ հաստատելու կեղծ օրակարգով, փաշինեան ստորագրէ այնպիսի փատաթուղթ մը, որ ոչ միայն նուիրականացնէ Հայաստան-Թուրքիա ներկայիս սահմանները, այլեւ Հայաստանը հրաժարի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման ամէն ճիգէ։ Մէկ խօսքով՝ Հայաստանի ու հայ ազգի դամբանականը։

Բնականաբար Դաշնակցութիւնն է, որ ամէնէն ուժեղ թափով պիտի պայքարի ասոր դէմ ու դիմադրէ։ Դաշնակցութեան կողքին, այս աշխատանքին լծուած են նաեւ բազմաթիւ ուժեր։ Սակայն փաստօրէն, այս դիմադրական ճակատին հիմնական առանցքը (կամ առանցքներէն մէկը) Դաշնակցութիւնն է։ Հետեւաբար, պէտք է շարունակել զայն տկարացնելու միտող քայլերը, ըլլան ատոնք քարոզչութեամբ, թէ մասնայատուկ քայլերով, ուր որ կարելի է, այս կամ այն շղարշին տակ (ինչպէս օրինակ՝ «մտահոգ» երեւալով…)։ Այս է ներկայիս ստեղծուած իրականութիւնը։

ԻԲՐԵՒ ՎԵՐՋԱԲԱՆ՝ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ

Մեր յօդուածի առաջին մասով անդրադարձեր էինք Դաշնակցութեան մէջ ներքին տարակարծութիւններու թեմային (թէ՛ նախորդ յօդուածին եւ թէ՛ հոս, տարակարծութիւն բառը պէտք է հասկնալ բառին արեւմտահայերէն իմաստով. արեւելահայերէնով՝ տարաձայնութիւն)։

Դաշնակցութիւնը ապրող օրգանիզմ է։ Կը գործէ կեանքին ու իրականութիւններուն հետ համահունչ։ Երբեմն նաեւ «հարբուխէ» կը վարակուի, կը «հիւանդանայ», բայց շնորհիւ իր ժողովական փորձուած դրութեան, կը յաջողի «դարմանելու» ինքզինք։

Բայց ինչպէ՞ս.- Մեր հաշուետու ժողովները ընդհանրապէս եղած են բուռն. բոլոր տարակարծութիւնները կը բերուին սեղանին ու տեղի կ՚ունենան շատ յաճախ բուռն վէճեր ու անխնայ քննադատութիւններ։ Գաղտնիք յայտնած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, թէ Դաշնակցական մարմիններու ամէնէն անխնայ քննադատողները նոյնինքն դաշնակցականներն են՝ իրենց համապատասխան ժողովներուն մէջ։ Ու ատոր համար ալ, լուծումները, դարմանումները կը բխին մեր ժողովներէն, այլ ոչ թէ անոնցմէ դուրս։ Եւ հո՛ս կը կայանայ մեր կենսունակութեան աղբիւրը։

Բայց մենք գիտենք իրարմէ զանազանել զազրախօսութիւնը եւ քնն-ա-դատ-ութիւնը (քննելով դատելը)։ Մենք գիտենք իսկական քննադատութեան եւ «թափանցողական» զազրախօսութեան տարբերութիւնը ու ասո՛ր համար է, որ մենք կը մնանք կենսունակ, բոլոր տեսակի դիմահար թէ անուղղակի յարձակումներու դիմաց։
Թող ոչ ոք կասկածի։

(Վերջ)